ԱՐԱ ՄԱԼԻՔԵԱՆԻ ՀԱՄԵՐԳԸ՝ ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ

Աշխարհահռչակ ջութակահար Արա Մալիքեան նախընթաց երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ Լոնտոնի մէջ։ Երեկոյթը տեղի ունեցաւ «Պարպիքըն հոլ»ի երդիքին տակ։ Համերգասրահը ամբողջութեամբ լեցուն էր եւ ներկայ երաժշտասէրներու շարքին կային բազմաթիւ հայեր, որոնք եկած էին ողջունելու Արա Մալիքեանը։

Ձեռնարկի ընթացքին Արա Մալիքեան երկուքուկէս ժամ նուագեց առանց ընդհատումի։ Ինչպէս միշտ, ան յաջողեցաւ խորապէս տպաւորել ունկնդիրները՝ լիուլի արդարացնելով իր վրայ դրուած յոյսերը։ Արա Մալիքեան յայտագիրը գործադրեց՝ եօթ հոգիէ բաղկացեալ նուագախումբի մը ընկերակցութեամբ։ Իր նուագակիցներու շարքին կային եւս երկու ջութակահարներ։ Ան ներկաներուն համար մեկնաբանեց բաւական ճոխ երգացանկ մը։ Յայտագրին վրայ տեղ գտան երաժշտական զանազան ժանրերէ գործեր. «Լետ Զեփլին»է սկսեալ մինչեւ հայկական «Քաջ Նազար»։

Համերգի աւարտին բոլոր հանդիսատեսները յոտնկայս ու որոտընդոստ ծափահարութիւններով ողջունեցին Արա Մալիքեանը եւ իր նուագակից ընկերները, որոնք իսկապէս որակեալ ելոյթով մը հանդէս եկան Լոնտոնի մէջ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 14, 2018