ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐԱՑՈՒՄ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Սթոքհոլմ՝ Շուէտի Արտաքին գործոց նախարար Մարկոթ Վայլշթրէօմի հրաւէրին ընդառաջ։ Երեւանի եւ Սթոքհոլմի ղեկավարութիւնները ներկայիս կը ձգտին խորացնել իրենց բարեկամութիւնը։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Սթոքհոլմի մէջ ունեցաւ բազմակողմանի շփումներ։ Ան մասնակցութիւն բերաւ Շուէտի կառավարութեան եւ ՄԱԿ-ի կողմէ կազմակերպուած «Կայուն զարգացման նպատակները եւ 2030 օրակարգի իրականացումը. Հայաստանի փորձը» նիւթին ձօնուած կլոր սեղանին։ Բացի Նալպանտեա-

նէն, այս հաւաքոյթին մասնակցեցաւ նաեւ Շուէտի Միջազգային զարգացման եւ համագործակցութեան հարցերով պետական քարտուղար Ուլրիքա Մոտէէր։ Եդուարդ Նալպանտեան այս առթիւ հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին նշեց, որ Հայաստան որոշ դրական փորձառութիւն կուտակած է Կայուն զարգացման նպատակները յառաջ մղելու տեսակէտէ եւ նման ձեռնարկները լաւ հնարաւորութիւն կը համարուին գործընկերներուն ներկայացնելու համար այդ բոլորը եւ ուսումնասիրելու տեսակէտէ այլ երկիրներու փորձերը։

Սթոքհոլմի մէջ Եդուարդ Նալպանտեան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ իր պաշտօնակցին՝ Մարկոթ Վայլշթրէօմի, խորհրդարանի նախագահ Ուրպան Ահլինի եւ Շուէտի Պետական քարտուղար Մացս Անտերսոնի հետ։ Բաց աստի, Նալպանտեան մէկտեղուեցաւ Շուէտի խումբ մը յառաջատար վերլուծաբաններու հետ, որոնց ներկայացուց Հայաստանի արտաքին ու ներքին քաղաքական օրակարգի զանազան խնդիրները՝ գլխաւորութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի։

Աւարտելով Շուէտի շփումները Եդուարդ Նալպանտեան այսօր պաշտօնական այցով կ՚անցնի Դանիա։

Չորեքշաբթի, Մարտ 14, 2018