ԹԻԼԸՐՍԸՆԷ ՎԵՐՋ ՓՈՄՓԷՕ

Ուաշինկթընի ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերու շարքին տերեւաթափը կը շարունակուի։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ որոշեց վերջ տալ Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի պաշտօնին։ Ինչպէս ծանօթ է, Թրամփի գործի գլուխ գալէն ի վեր յաճախ փոփոխութեան կ՚ենթարկուին ամերիկեան վարչախումբի բարձրաստիճան անունները։ Այս շարքին երէկուան դրութեամբ միացաւ նաեւ պետական քարտուղար Ռեքս Թիլըրսըն։ Այս վերջնոյն պիտի յաջորդէ Մայք Փոմփէօ։ Մինչ այդ, Մայք Փոմփէօ կը վարէր «Սի. Այ. Էյ.»ի նախագահի պաշտօնը։ Տանըլտ Թրամփի կարգադրութեամբ, Մայք Փոմփէօ կը նշանակուի պետական քարտուղար, իսկ իրեն փոխարէն «Սի. Այ. Էյ.»ի գլուխը կը բերուի Ճինա Հեսփըլ։ Այս վերջին իգական սերունդէ առաջին դէմքն է, որ պիտի գլխաւորէ ամերիկեան լրաքաղութեան ծառայութիւնները։ Ռեքս Թիլըրսըն 31 Մարտին պաշտօնապէս պիտի փոխանցէ իր պաշտօնը։ Մինչ այդ, տեղի կ՚ունենայ անցումային գործընթաց մը՝ փոխանցման գործողութիւնները ամբողջացնելու համար։ Ամերիկեան ղեկավարութենէն ներս տեղի ունեցած այս փոփոխութիւնը լայն արձագանգ գտած է միջազգային հանրային կարծիքին մօտ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 14, 2018