ԼՐԻՒ ՊԱՇԱՐՈՒԱԾ

Թուրք զինեալ ուժերը Սուրիոյ հիւսիսին արդէն ամբողջութեամբ պաշարած են Աֆրին քաղաքը։ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններու ծիրէն ներս բանակը երկար ժամանակէ ի վեր ահաբեկչութենէ կը մաքրագործէր այս քաղաքին շրջակայքը։ Ի վերջոյ, արդէն Աֆրին կը գտնուի լրիւ պաշարուած վիճակի մը մէջ։ Քաղաքի կեդրոնի պաշարման զուգահեռ՝ դէպի հարաւ նրբանցք մը թողուած է՝ քաղաքային ժողովուրդի տարհանման համար։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները այս առաւօտ տեղեկացուցին, որ ցայսօր չէզոքացուած ահաբեկիչներու թիւը հասած է 3444-ի։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, բանակի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը կը շարունակուի յաջողութեամբ։ Գործողութիւնները ծրագրուած են ու կը գործադրուին միայն ահաբեկիչները թիրախ ունենալով։ Թիրախներու շարքին մաս կը կազմեն նաեւ անոնց ապաստանարանները, զէնք ու զինամթերքը, ինքնաշարժներն ու ինչքերը։ Քաղաքային ժողովուրդի եւ բնութեան խնայման տեսակէտէ ամէն տեսակ նախանձախնդրութիւն կը ցուցաբերուի զօրքերուն կողմէ։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները շեշտած են, որ ամբողջ գործողութիւնները թէ՛ զինուորական եւ թէ բարոյագիտական արժէքներու տեսակէտէ օրինակելի ընթացք մը ունին։ Գործողութիւններու գօտիէն ներս մնացած քաղաքային ժողովուրդին կը մատուցուի ամէն տեսակ ծառայութիւն, ներառեալ առողջապահականը։ Բանակի վերահսկողութեան տակ անցած շրջաններէն ներս, անվտանգութեան երաշխաւորումէն վերջ, առաջնահերթօրէն աջակցութիւն կը ցուցաբերուի՝ որպէսզի շրջանի բնակիչները վերադառնան իրենց բնակարանները։ Զուգահեռաբար մարդասիրական օժանդակութիւն կը կատարուի նաեւ Կարմիր մահիկի եւ AFAT-ի կողմէ։

Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտնեց, որ Թուրք զինեալ ուժերը Աֆրին մտնելու վրայ են։ Իր խօսքերով՝ Սուրիոյ հիւսիսին միեւնոյն ժամանակ կ՚երաշխաւորուի տարածքաշրջանի ժողովուրդի ապագան՝ շնորհիւ ահաբեկիչներու մաքրագործման։ «Հակառակ մեզի դէմ ձեռնարկուած հակաքարոզչութեան, Աֆրինը, Մենպիչը եւ Սուրիոյ հիւսիսը ամբողջութեամբ պիտի մաքրագործենք այս մարդասպաններու հօտերէն։ Ամբողջ այդ հողերը պիտի վերածենք այնպիսի շրջաններու, ուր մեր սուրիացի եղբայրները պիտի կարողանան վերադառնալ անվտանգ եւ անդորր ձեւով։ Այսպէսով թէ՛ տարածքաշրջանի քիւրտ, արաբ եւ թիւրքմեն մեր եղբայրները պիտի փրկենք ահաբեկչական կազմակերպութիւններու զուլումէն եւ թէ Սուրիոյ վերակառուցման ուղղեալ նշանակալից քայլ մը պիտի առնենք», ըսաւ Էրտողան։

Էրտողան շեշտեց նաեւ, որ Թուրքիա բռնագրաւման համար մուտք չի գործեր Աֆրին, այլ այնտեղ կ՚երթայ այդ քաղաքը յանձնելու համար իր բուն տէրերուն։

Իր կարգին, երէկ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ հանդէս եկաւ ուշագրաւ յայտարարութիւններով։

Ան ըսաւ, որ 19 Մարտին պիտի որդեգրուի ճանապարհային քարտէս մը, որու հիման վրայ ԵՓԿ-ի Մենպիչէ դուրս գալէն վերջ Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ միասնաբար անվտանգութիւնը պիտի երաշխաւորեն տարածքաշրջանէն ներս։

Չորեքշաբթի, Մարտ 14, 2018