ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԱՄՆ-Ի ՄԷՋ

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան ներկայիս կ՚այցելէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ան շփումներ կ՚ունենայ Ուաշինկթընի մէջ։ Մասնաւորապէս ԱՄՆ-ի Ծերակոյտէն ներս նախատեսուած է իր մասնակցութեամբ հաւաքոյթ մը։

Պաքուի ղեկավարութիւնը լուրջ հակազդեցութիւն ցոյց կու տայ Բակօ Սահակեանի այս այցելութեան դէմ յաչս Ուաշինկթընի ղեկավարութեան։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ վերջնագիր մը ներկայացուց ամերիկեան կողմին՝ Բակօ Սահակեանի այցելութեամբ պայմանաւորուած անհանգստութիւններուն հետեւանքով։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Բակօ Սահակեան երէկ Ուաշինկթընի մէջ այցելեց Արցախի մշտական ներկայացուցչութիւնը։ Անձնակազմի հետ զրուցելու ընթացքին ան կարեւորեց ԱՄՆ-ի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ համագործակցութեան զարգացումը։

Ուաշինկթընի մէջ Բակօ Սահակեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետոթեան դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանի հետ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 14, 2018