ՁԵՂՆԱՅԱՐԿԻՆ ՄԷՋ ՔԱՐԱՎԱՃԻՕ ՄԸ…

Ֆրան­սա­յի հա­րա­ւին ե­րե­ւան բե­րած են 400-ա­մեայ գե­ղան­կար մը, որ հա­ւա­նա­բար կը պատ­կա­նի ի­տա­լա­ցի գե­ղան­կա­րիչ Մի­քե­լան­ճե­լօ Մե­րի­զի տա Քա­րա­վա­ճիո­յի վրձի­նին։

Հա­րիւր­յի­սուն տա­րի նկա­րի­չի են­թադ­րեալ աշ­խա­տան­քը գտնուած է Թու­լուզ քա­ղա­քի ծայ­րա­մա­սը գտնուող տան ձեղ­նա­յար­կին մէջ։

Տէ­րե­րը յայտ­նա­բե­րած են ջու­րէն մա­սամբ վնա­սուած գե-ղանկա­րը, երբ բարձ­րա­ցած են ձեղ­նա­յարկ՝ ջու­րի կաթկ­թո­ցը դադ­րեց­նե­լու հա­մար։

Ե­թէ հաս­տա­տուի «Օ­լո­ֆեր­նը գլխա­տող Եու­տի­ֆը» նկա­րի իս­կու­թիւ­նը, ան կը գնա­հա­տուի 135 մի­լիոն ամերիկեան տո­լար։

«Ին­ծի հա­մար հար­կա­ւոր չեն լրա­ցու­ցիչ գի­տե­լիք­ներ եւ փորձ, ա­մէն ինչ ցոյց կու տայ, որ ան 17-րդ դա­րու ա­մե­նա­կա­րե­ւոր գլուխ­գոր­ծոց­նե­րէն մին է, որ յայտ­նա­բե­րուած է վեր­ջին ե­րե­սուն տա­րուան ըն­թաց­քին», ը­սած է ֆրան­սա­ցի փոր­ձա­գէտ Է­րիք Տիւր­կէ­ն։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 14, 2016