ՄԻԱՁԱՅՆ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄ

Հայաստանի Ազգային ժողովը վերջին օրերուն միաձայնութեամբ վաւերացուց Եւրոպական Միութենէն ստորագրուած Համապարփակ եւ գործընկերութեան մասին համաձայնագրերը։ Ինչպէս ծանօթ է, 24 Նոյեմբեր 2017 թուականին այդ փաստաթուղ-թերը Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ ստորագրուած էին Պրիւքսելի մէջ։ Երեսփոխանները միաձայնութեամբ վաւերացուցին զանոնք։

Մինչ այդ, փաստաթուղթերու վաւերացման վերաբերեալ քուէարկութենէն առաջ խորհրդարանէն ներս ելոյթ մը ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կարէն Նազարեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան յայտնեց, որ սոյն համաձայնագրերով կը նախատեսուի ամրապնդել քաղաքական երկխօսութիւնը Երեւանի եւ Պրիւքսելի միջեւ, հիմք կը ստեղծուի տնտեսական եւ ընկերային բարեփոխումները շարունակելու համար։ Ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւանց, իրաւունքի գերակայութեան սկզբունքներու նկատմամբ ամուր յանձնառութիւնները կը գտնուին նոր համաձայնագրի հիմքին մէջ։ Կարէն Նազարեան շեշտեց, որ այս համաձայնագիրը նոր ժամանակաշրջան մը կը նշանաւորէ Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ առեւտրային յարաբերութիւններուն մէջ։ Բաց աստի, Կարէն Նազարեան շեշտեց, որ Եւրոմիութիւնը պիտի աւելցնէ Հայաստանի ի նպաստ ելմտական աջակցութիւնը։

Շաբաթ, Ապրիլ 14, 2018