ՎԵՐՋԻՆ ԲԻՒՐ ՅԱՐԳԱՆՔ

Շիշլիի յունաց գերեզմանատան մէջ երէկ կէսօրուան ժամերուն տեղի ունեցաւ Ֆէնէրի Պատրիարքարանի նորոգ հանգուցեալ յատուկ լուսանկարիչ Նիքոլաս Մանկինասի յուղարկաւորութիւնը։ Ան վերջին անգամ բիւր յարգանքի առարկայ դարձաւ։ Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներուն համապատասխան կազմակերպուած էր յուղարկաւորութիւնը, որու մասնակիցները ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ տուին Նիքոլաս Մանկինասին՝ իր բարի յիշատակին առջեւ խոնարհումով։ Արարողութեան նախագահեց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը, որ շրջապատուած էր բարձրաստիճան հոգեւորականներու կողմէ։

Ֆէնէրի Պատրիարքարանէն պատասխանատուներու եւ յոյն համայնքէն վարչայիններու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Նիքոլաս Մանկինասի յուղարկաւորութիւնը, որու մասնակիցներու շարքին էին նաեւ այլ փոքրամասնական համայնքներէ դէմքեր։ Նիքոլաս Մանկինաս երկարամեայ իր գործունէութեան ընթացքին համատարած յարգանքի եւ համակրանքի արժանացած էր իր բնաւորութեամբ, նաեւ գնահատանքի՝ իր վարպետութեամբ։ Իր գործունէութիւնը, վերջին հաշուով, նաեւ կարեւոր ներդրում մը կը համարուի՝ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու կեանքը ցոլացնելու եւ անոնց ապրումները անմահացնելու, հետեւաբար նաեւ հաւաքական յիշողութեան տեսակէտէ։

Երէկուան յուղարկաւորութեան բոլոր մասնակիցները ցաւակցեցան Նիքոլաս Մանկինասի հարազատներուն, նաեւ Նորին Սրբութեան, եւ իրարու միջեւ անմիջական զրոյցներով վերյիշեցին զինքը՝ աղօթելով անոր յաւիտենական նենջի հանգստութեան համար։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2021