ԶԵԿՈՅՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ

Ներքին գործոց նախարար Տիար Սիւլէյման Սօյլու 13 մայիս 2019, երկուշաբթի, ժամը 15.45-ին, այցելեց Պատրիարքարան, ուր հիւրընկալուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Սրբազան Արքեպսկ. Աթէշեանի կողմէ։

Հանդիպման ներկայ գտնուեցան Իսթանպուլի Մեծայարգ Կուսակալ Ալի Եէրլիքայա, Պատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերշ. Տ. Սահակ Սրբազան Եպսկ. Մաշալեանն ու ժողովական հայրերը եւ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Պետրոս Շիրինօղլու։

Բարձրաշնորհ սրբազան հայրը հանդիպման սկիզբին ողջունեց մեծայարգ նախարարին այցելութիւնը Պատրիարքարան։ Իր կարգին, Տիար Սօյլուն ալ հերթական անգամ ցաւակցութիւն յայտնեց Երանաշնորհ Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարքի վախճանման առթիւ՝ բարձր գնահատելով մեր հոգելոյս հոգեւոր պետին վաստակը։

Ապա անդրադարձ կատարուեցաւ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին։ Մեծայարգ նախարարը հաղորդեց ներկայ իրավիճակին մէջ պետութեան որդեգրած մօտեցումը, ըստ որու  պէտք է տեղապահի ընտրութիւն կատարել՝ անցումային շրջանին վարելու համար թափուր Աթոռի գործունէութիւնը։ Ան ընդգծեց, որ այսպէսով սկսած պիտի ըլլայ նաեւ նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը։

Նկատի ունենալով Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի յառաջիկայ ընտրութիւնը՝ Տիար Սօյլու յայտնեց, որ նպատակայարմար է 23 յունիսին յաջորդելիք օրերուն ձեռնարկել պատրիարքական տեղապահի ընտրութեան։ Ան շեշտեց, որ մեր համայնքը յաչս պետութեան բարձր արժէք մը կը ներկայացնէ եւ պետութիւնը նկատի կ՚առնէ անոր համերաշխութիւնն ու անդորրութիւնը։

Շնորհակալութեան արտայայտութիւններով եւ փոխադարձ բարեմաղթանքներով աւարտին հասաւ հանդիպումը։ Պատրիարքարանէ հրաժեշտ առնելէ առաջ յարգարժան նախարարը ստորագրեց Երանաշնորհ Տ. Մեսրոպ Պատրիարքի սգոյ տոմարը։

ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ

Երեքշաբթի, Մայիս 14, 2019