«ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑԵԱԼ» ԱՇԽԱՐՀԻ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԸ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ ներկայ պայմաններով քորոնաժահրի համաճարակը հակակշռի տակ կը գտնուի Թուրքիոյ մէջ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախարարը տեղեկացուց, որ համավարակի հինգերորդ շաբթուան դրութեամբ երկիրը կայուն բարելաւման հունի մը մէջ մտած է։ Եթէ ընկերային կեանքն ալ հակակշռի տակ առնուի, ապա Թուրքիա աւելի լաւ օրեր պիտի ողջունէ։

Գիտական խորհուրդի երէկուան ժողովէն վերջ Ֆահրետտին Քոճա հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով, որոնց ընթացքին ընդգծեց, թէ համայն աշխարհ գնահատանքով կը հետեւի Թուրքիոյ կողմէ արձանագրուած յաջողութիւններուն եւ համաճարակի դէմ մղուած յաջող պայքարին։ Այս համաճարակը պիտի անցնի 21-րդ դարու պատմութեան։ Սա համաշխարհայնացեալ աշխարհի համաշխարհային համաճարակն է։ Ներկայիս Թուրքիոյ մէջ համաճարակի դէմ պայքարի երկրորդ փուլը սկսած է։ Եթէ քորոնաժահրին նոր առիթներ տրուի, ապա չի բացառուիր, որ երկիրը պարտաւորուի վերադառնալ մէկ ամիս առաջուան վիճակին։ Ուստի, առանց նախազգուշական միջոցներու բազմութեան մէջ խառնուիլը վտանգաւոր է։ Նախարարը յիշեցուց, որ աշխարհ երբեք պիտի չըլլայ այնպէս, ինչպէս որ էր այս համաճարակէն առաջ։ Նոր չափանիշներ եւ նոր հնարաւորութիւններ ի յայտ կու գան։ Այս համաճարակն ալ պիտի յաղթահարուի՝ պատմութեան իր բոլոր նախորդներուն նման։ Բայց եւ այնպէս, քորոնաժահրի դէմ պատերազմելու ժամանակ մարդկութիւնը նոր բաներ պիտի սորվի անկէ։

Երէկուան դրութեամբ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 33 հազար 332 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1639 նոր վարակեալ։ Երէկ 58 հոգի մահացաւ համաճարակի հետեւանքով։ Երէկուան դրութեամբ Թուրքիոյ մէջ առողջացած հիւանդներու թիւը եղաւ 2826։

Ըստ վերջին վիճակագրական տուեալներուն, Թուրքիոյ մէջ հիւանդի մը ուրիշները վարակելու թափը 1.56 է ներկայիս։ Ֆահրետտին Քոճա երէկ շեշտեց, որ սա բարձր համեմատութիւն մը կը համարուի։

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2020