ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԶՕՐՔԵՐԸ ԿՐԱԿԵՑԻՆ ՏԱՒՈՒՇԻ ԲԵՐՔԱԲԵՐ ԳԻՒՂԻՆ ՎՐԱՅ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ պատահեցաւ նոր դէպք մը։ Այսպէս, Հայաստանի Տաւուշի մարզի Բերքաբեր գիւղին վրայ կրակ բացուեցաւ Ատրպէյճանի մարտական յենակէտերէն՝ խոշոր տրամաչափերով զէնքերու միջոցաւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Շուշան Ստեփանեան այս յարձակման վերաբերեալ մանրամասնութիւններ հաղորդեց Դիմատետրի իր էջին վրայ։

Դէպքը պատահած է երէկ, ժամը՝ 14.00-ին։ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով վնասուած են Բերքաբեր գիւղի շարք մը բնակելի տուները։ Հայաստանի զօրքերը անմիջապէս ձեռնարկած են համապատասխան գործողութիւններու։ Հայ դիրքապահներու ձեռնարկած քայլերուն զուգահեռ Ատրպէյճանի զօրքերը դադրեցուցած են կրակը։ Ըստ Շուշան Ստեփանեանի փոխանցած տեղեկութիւններուն, դէպքի հետեւանքով ոեւէ անձ չէ տուժած։

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2020