ՔՈՉԱՐԵԱՆ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ ԲԱՆՏԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան պիտի շարունակէ մնալ բանտի մէջ։ Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան ատեանի Շէնգաւիթի բաժանմունքէն ներս երէկ դատաւոր Աննա Դանիբէկեան հրապարակեց դատարանի վճիռը՝ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու եւ անոր կալանքին վերջ տալու պահանջին շուրջ։

Հարկ է նշել, որ Ռոպերթ Քոչարեան կը դատուի 1 մարտ 2008 թուականին Երեւանի մէջ պատահած արիւնալի դէպքերու վերաբերեալ գործով։ Վերջին շրջանին իր առողջական վիճակը դարձած է բաւական փխրուն, ինչ որ զինքը խոցելի կը դարձնէ նաեւ քորոնաժահրի համաճարակի առկայ մթնոլորտին մէջ։ Այս բոլոր առողջապահական հանգամանքներու բերումով իր փաստաբանները միջոցէ մը ի վեր կը ջանային ապահովել, որ Ռոպերթ Քոչարեանի բանտարկութեան պարագան վերջ գտնէ։ Անցեալ շաբաթավերջին այս պահանջին շուրջ տեղի ունեցած էր դատավարութիւն, իսկ երէկ դատաւոր Աննա Դանիբէկեան հրապարակեց վճիռը, ըստ որու Ռոպերթ Քոչարեան պիտի շարունակէ մնալ բանտի մէջ։ Դատարանը ընթացք չէ տուած Քոչարեանի կալանաւորումը դադրեցնելուն, գրաւի կամ անձնական երաշխաւորութեան միջնորդութիւնները հաշուի առնելու պահանջին։ Նկատի ունենալով, որ Ռոպերթ Քոչարեան վերջին օրերուն վիրահատութեան ենթարկուած է, ան երէկ բացակայեցաւ դատավճռի արձակման նիստէն։ Աննա Դանիբէկեան տեղեկեցուց, որ Քոչարեանի առողջական վիճակին մասին պաշտօնապէս տեղեկութիւն ուղարկուած էր «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնէն, ուր ան ենթարկուած է վիրահատութեան։ Քոչարեանի գործով դատական յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ մայիսի 19-ին։

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2020