Հինգշաբթի 16, Յունուար 2025
«Մարալ» համոյթը երեւանի մէջ
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը արդէն Երեւանի մէջ է։ Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան եւ իր ընկերակիցները այս առաւօտ ընդունուեցան Հայաստանի Սփիւռքի փոխ-նախարար Դաւիթ Սարգսեանի կողմէ։ Նկատի ունենալով, որ ուղեւորութիւնը կը կայանայ նախարարութեան հովանաւորութեամբ՝ «Մարալ»ի ներկայացուցիչները տուին այս քաղաքավարական այցը։
Վաղը երեկոյեան, Երեւանի Օփերային մէջ տեղի պիտի ունենայ «Մարալ»ի ելոյթը։
Հինգշաբթի, Յունիս 14, 2018