ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԻԿԻՆ ՆՈՒՆԷ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԳՈԼԷՃ

Հայաստանի Հանրապետութեան Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան երէկ այցելեց Երեւանի Պարարուեստի պետական գոլէճը, որու սաները փայլուն ելոյթով մը հանդէս եկան իրեն ի պատիւ։ Պատանի եւ երիտասարդ արուեստագէտներուն հետ զրուցելու ժամանակ ան յայտնեց, որ շատ կը սիրէ պարն ու երաժշտութիւնը եւ հայկական մշակոյթի մէջ մեծ կարեւորութիւն կու տայ պարարուեստին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նունէ Սարգսեան ափսոսանք զգաց՝ վաղ տարիքի մէջ պալէի դասերը թողած ըլլալու համար։

«Զարմացած եւ հիացած եմ այն ամէն ինչով, որ տեսայ այս դպրոցին մէջ», ըսաւ Նունէ Սարգսեան եւ ընդգծեց, որ իր վեցամեայ թոռնուհին ալ կը յաճախէ պալէի դասերուն։

Նունէ Սարգսեան շրջայց կատարեց այս դպրոցէն ներս, ծանօթացաւ սաներուն հետ, ներկայ գտնուեցաւ պետական աւարտական քննութեան, հետաքրքրուեցաւ սաներու յառաջդիմութեամբ։ Տղաքն ալ, իրենց հերթին, խնդրեցին, որ Նունէ Սարգսեան յաճախ կու գայ իրենց այցելութեան։

Երեւանի Պարարուեստի պետական գոլէճը ունի 410 սան։ Այնտեղ կը գործեն դասական հայկական ժողովրդական պարերու եւ պարուսոյցներու բաժիններ։

Դասընթացքները կը կազմակերպուին ըստ տարիքային դասաւորումներու։

Հինգշաբթի, Յունիս 14, 2018