ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ՝ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ երէկ Երեւանի մէջ ընդունուեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, վարչապետը կարեւորեց համանախագահներու դերակատարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին մէջ։ Ան համոզուած է, որ միջնորդներուն հետ պիտի ձեւաւորուի արդիւնաւէտ համագործակցութիւն։ Իրենց հերթին համանախագահներն ալ Նիկոլ Փաշինեանը շնորհաւորեցին վարչապետ ընտրուելու կապակցութեամբ եւ վստահեցուցին, թէ բոլոր ջանքերը պիտի ներդնեն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման հասնելու նպատակով։

Հանդիպման մասնակիցները կարեւորեցին կողմերու հաւատարմութիւնը հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ ստանձնուած յանձնառութիւններուն, ինչպէս նաեւ Վիեննայի, Սեն Փեթերսպուրկի եւ Ժընեւի գագաթաժողովներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման անհրաժեշտութիւնը։ Համանախագահները տեղեկութիւններ տուին իրենց յառաջիկայ աշխատանքային ծրագրերուն վերաբերեալ։

Նիկոլ Փաշինեան վերահաստատեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ շարունակելու համար բանակցային խաղաղ ճանապարհով հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ ջանքերը։ Զրուցակիցները քննարկեցին բանակցային գործընթացի յառաջ մղման նպատակով համապատասխան մթնոլորտի ձեւաւորման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերը։ Անոնք անդրադարձան նաեւ հակամարտութեան գօտիի ներկայ վիճակին։

Միջնորդները Երեւանի մէջ Նիկոլ Փաշինեանէն առաջ հիւրընկալուեցան նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին արժեւորելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու առաքելութիւնը՝ նախարար Մնացականեան կարեւորեց անոնց այցելութիւնը։ Ըստ իրեն՝ այցելութիւնը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ անմիջական առաջին շփումը հաստատել Հայաստանի մէջ նոր կառավարութեան ձեւաւորումէն վերջ։ Զօհրապ Մնացականեան վերահաստատեց Հայաստանի մօտեցումներն ու դիրքորոշումը կարգաւորման գործընթացին շուրջ։ Ան շեշտեց, որ Հայաստան հաւատարիմ է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման։

Համանախագահները Զօհրապ Մնացականեանին ներկայացուցին հիմնախնդրի հանգուցալուծման ջանքերուն մէջ իրենց փորձառութիւնն ու մօտեցումները։ Զրոյցի տեւողութեան հանգամանօրէն կարծիքներ փոխանակուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման շուրջ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ բանակցային գործընթացը յառաջ մղելու հնարաւորութիւններուն։ Այս ամբողջին մէջ կարեւորուեցաւ խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտի մը ձեւաւորումը։

Հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ՝ անցեալ շաբաթավերջին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ճակատին վրայ հայ զինուորի մը սպանութեան դէպքը։ Նախարար Մնացականեան շեշտեց, որ նման սադրանքներով Ատրպէյճան լրջօրէն կասկածի տակ կը դնէ իր յանձնառութիւնը հաշտութեան գործընթացին տեսակէտէ։

Նախարարն ու միջնորդները քննարկեցին նաեւ եռանախագահներու ձեւաչափին մէջ իրականացուելիք յետագայ քայլերը։

ԱՐՑԱԽԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Միջնորդներու Երեւանի մէջ ունեցած շփումներուն զուգահեռ՝ Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնն ալ ձայն բարձրացուց՝ Պաքուի ոչ-շինիչ ընթացքին կապակցութեամբ։ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի բանբերը՝ Դաւիթ Պապայեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան Արցախի հետ շփման գիծէն ետ չի քաշեր տակաւին անցեալ Ապրիլին կուտակուած մեծ քանակութեամբ ստորաբաժանումները։ Բանբերը աւելցուց նաեւ, որ Արցախ միշտ պարտաստ է դիմակայելու։

Հինգշաբթի, Յունիս 14, 2018