ԱՆՆՊԱՍՏ ՄԹՆՈԼՈՐՏ
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները այս առաւօտ տեղեկացուցին, որ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յունիսի 20-ին հանդիպում մը պիտի ունենան Ուաշինկթընի մէջ։ Տեսակցութիւնը նախատեսուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան հովանաւորութեան ներքեւ։ Սա պիտի ըլլայ Մնացականեանի եւ Մամետեարովի հերթական հանդիպումը։ Արդարեւ, երկու նախարարները յունուարին Փարիզի մէջ, իսկ ապրիլին Մոսկուայի մէջ ունեցած էին տեսակցութիւններ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի մայրաքաղաքներուն մէջ տեղի ունեցած այդ հանդիպումներէն վերջ քննարկումներ կ՚ընթանային համանախագահ երրորդ երկրի՝ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքին մէջ ալ նախարարներուն միջեւ տեսակցութիւն մը կազմակերպելու ուղղութեամբ։ Ինչպէս անցեալի մէջ, այս անգամ եւս, մասնակիցներու միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է հանդիպման վերաբերեալ յայտարարութեան նոյնաժամանակ տարածման շուրջ։ Այս առաւօտեան պաշտօնական յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է, որ հայկական կողմը հաւատարիմ կը մնայ այդ պայմանաւորուածութեան։
Ուաշինկթընի մէջ յաջորդ շաբաթ նախատեսուած նախարարներու հանդիպման ընդառաջ, միեւնոյն ժամանակ, Երեւան ուշադրութիւն հրաւիրած է Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի շարունակական դատապարտելի խախտումներուն եւ սադրիչ գործողութիւններուն վրայ։ Վերջին օրերուն այդ բոլորը պատճառ դարձած են մարդկային կորուստներու եւ շփման գծի վրայ իրավիճակի լրջօրէն լարման։ Այս բոլորը նախարարներու հանդիպման ընդառաջ ստեղծած են աննպաստ միջավայր մը։ Ատրպէյճանի գործողութիւնները, որոնք կը բնութագրուին ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրառմամբ, կը խոչընդոտեն խաղաղութեան համար բարենպաստ միջավայրի մը ձեւաւորումը եւ ըստ այդմ կը խաթարեն խաղաղ կարգաւորման գործընթացի յառաջընթացը։
Ստեղծուած իրավիճակը կը պայմանաւորէ Ուաշինկթընի մօտալուտ հանդիպման օրակարգի յստակ գերակայութիւնները։
ԱՐՑԱԽԻ ՃԱԿԱՏԻՆ ՎՐԱՅ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԱԾ
Արցախի ճակատին վրայ երէկ հայ զինուոր մը նահատակուեցաւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով։ Վերջին շրջանին Արցախ-Ատրպէյճան շփման գծին վրայ դարձեալ մտահոգիչ թափով կը բարձրանայ լարուածութիւնը։ Երէկուան դէպքն ալ եկաւ ամրապնդել այդ մտահոգութիւնները։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ժամը 17.05-ի սահմաններուն, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ արձակուած կրակին թիրախը դարձաւ Արտեոմ Վազգէնի Խաչատրեան (1999)։ Դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար ձեռնարկուած է քննութեան։
Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը դէպքէն վերջ տեղեկացուց, որ կը բաժնէ այս կորուստի ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ նահատակեալ զինուորի ընտանեկան անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն։