ՄՏԱՀՈԳԻՉ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Ումմանի ծոցին մէջ երէկ յարձակման ենթարկուեցան երկու նաւթատարներ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ծոցի երկիրներուն հետ Իրանի յարաբերութիւններուն մէջ յառաջացած առկայ լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ այս դէպքը խոր մտահոգութեան եւ անհանգստութեան պատճառ դարձաւ։ Յարձակման ենթարկուած նաւերը պիտի մեկնէին Ճաբոն։ Ուշագրաւ էր նաեւ, որ Ճաբոնի վարչապետ Շինզօ Ապէ երէկ շփումներ կ՚ունենար Թեհրանի մէջ։ Ան Թեհրան մեկնած էր Իրանի ղեկավարութեան փոխանցելու համար ամերիկեան կողմին պատգամները։
ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ յայտարարեց, որ իր երկիրը այս դէպքին համար պատասխանատու կը նկատէ Իրանը, որու յարձակման թիրախ դարձած են քարիւղատարները։ Փոմփէօ ընդգծեց, որ նման յարձակումները սպառնալիք կը համարուին խաղաղութեան եւ անվտանգութեան դէմ։
Իրանի անվտանգութեան մարմիններուն կողմէ այդ նաւերէն փրկուեցան տասն ռուս նաւաստիներ, որոնք ներկայիս կը պատրաստուին վերադառնալ իրենց երկիրը։ Ըստ անոնց ցուցմունքներուն, դէպքերը պատահած են յանկարծ։ Ռուս նաւաստի մը յայտնեց, որ իր գտնուած նաւուն որեւէ ձեւով թնդանօթ մը կամ հրթիռ մը չէ զուգադիպած։ «Բոցերու բռնկելէն երկվայրկեաններ առաջ կարծես թէ մեր նաւուն ջուրին տակէն առարկայ մը բախեցաւ։ Այդպիսի զգացում մը ունեցանք։ Չենք կրնար գիտնալ, թէ ինչ կրնայ ըլլալ այդ մէկը», ըսաւ ռուս նաւաստին։
Մօտաւորապէս ամիս մը առաջ ալ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արեւելեան ափերուն մօտ չորս բեռնատար նաւեր ենթարկուած էին յարձակման։
Իրան ներկայիս լուրջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ ԱՄՆ-ի խիստ պատժամիջոցներուն բերումով։ Թեհրանի ղեկավարութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր կը սպառնայ Հիւրմիւզի ջրանցքը նաւթի առեւտուրի փակելով։ Այդ ջրանցքը կը գտնուի Ումմանի ծոցին մերձակայ եւ երէկուան դէպքն ալ պատահած է այդ նոյն ծոցին մէջ։