ՈՉ ԵՒՍ Է ՅՈՒՆԱՀԱՅ ՎԱՍՏԱԿԱՇԱՏ ԽՄԲԱԳԻՐ ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Աթէնքի մէջ իր մահկանացուն կնքած է «Ազատ Օր» օրաթերթի նախկին գլխաւոր խմբագիր Յովսէփ Պարազեան։ Ան շուրջ հինգ տասնամեակէ ի վեր իր սպասաւորութիւնը բերած էր «Ազատ Օր» օրաթերթին։ Այդ ժամանակաշրջանին վարած էր նաեւ գլխաւոր խմբագրի պաշտօն, իսկ այդ պաշտօնը փոխանցելէ վերջ ալ կը շարունակէր իր աջակցութիւնը եւ նպաստը բերել թերթին։

Խմբագրի պաշտօնը վարելու առընթեր, Յովսէփ Պարազեան եղած էր նաեւ յունահայ յայտնի համայնքային-հասարակական գործիչ մը։ Վարած էր «Համազգային»ի Յունաստանի շրջանային վարչութեան ատենապետի պաշտօնը։ Ունէր կազմակերպչական լուրջ կարողութիւններ եւ այդ հմտութեան իր փորձառութիւնը միացնելով ջանք չէր խնայեր մշակութային արժէքները վառ պահելու ուղղութեամբ։ Կը գործէր անըս-պառ հաւատքով եւ ներշնչումով՝ միշտ իր շուրջ համախմբելով երիտասարդներ։

Դժբախտաբար, վերջին շրջանին իր առողջական վիճակը վատթարացած էր յառաջացած տարիքին բերումով։  Այս պայմաններուն մէջ իրեն համար ի սպաս դրուած բժշկական խնամքն ալ մնաց ապարդիւն եւ Յովսէփ Պարազեան հրաժեշտ առաւ երկրաւոր կեանքէն՝ իր ետին թողլով հայ մամուլի համար ներդրուած լուրջ վաստակի մը բարի համբաւը։

Յովսէփ Պարազեան ամուսնացած էր Մայտա Պարազեանի հետ եւ ունէր երկու զաւակ՝ Արմիկ եւ Լորին։

Այս դառն կորուստին առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք հայ մամլոյ վաստակաշատ սպասաւորներէն Յովսէփ Պարազեանի բարի հոգւոյն։ Խորազգած ցաւակցութիւններ կը յայտնենք իր հարազատներուն եւ մեր պաշտօնակից «Ազատ Օր»ի ընտանիքին։  

Ուրբաթ, Յունիս 14, 2019