ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ՊԱՐԶԱԲԱՆՈՒՄ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուած իրավիճակը կը շարունակուի։ Մայիսի 12-էն ի վեր Հայաստանի սահմանները զանազան կէտերէ խախտուած են Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ։ Հայկական սահմաններու խախտուած այդ կէտերէն մին Սեւ լիճի շրջանն է։ Վերջին օրերուն զանգուածային լրատուութեան միջոցներու մօտ արձագանգ գտան զանազան լուրեր, ըստ որոնց Սեւ լիճի շրջանէն ներս տեղակայուած են Թուրքիոյ բանակէն ստորաբաժանումներ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը շաբաթավերջին յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ այս լուրերուն կապակցութեամբ։ Յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալը.

«Մամուլին մէջ տեղեկութիւններ կը տարածուին, թէ Սիւնիքի մարզէն ներս՝ Սեւ լիճի շրջանին, արդէն երկու օրէ ի վեր կը տեղակայուին Թուրքիոյ յատուկ նշանակութեան բանակային ստորաբաժանումներ։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, մասնաւորապէս՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, բազմիցս, ներառեալ նաեւ միջազգային զանազան հարթակներու վրայ, անդրադարձած են այն խնդրին, թէ թրքական զինեալ ուժերը մեծ ներգրաւուածութիւն ունին Ատրպէյճանի բանակի վերապատրաստման, հրահանգաւորման եւ նոյնիսկ կառավարման գործընթացներուն մէջ։ Ըսուածի ամենավառ վկայութիւնը Արցախի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմն էր, որուն թրքական զինեալ ուժերը ունեցան անմիջական մասնակցութիւն։ Թուրք զինուորականներու ներկայութիւնը Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներէն ներս վաղուց արդէն փաստ է, հաստատուած՝ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ։ Այս տեսանկիւնէն՝ մեղադրանքները, թէ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը թաքցնէ զանազան փաստեր՝ կապուած Ատրպէյճանի զինեալ ուժերէ ներս թուրք զինուորականերու ներկայութեան հետ՝ ուղղակի անհիմն են։ Ինչ կը վերաբերի լրատուամիջոցներով տարածուած՝ թրքական տարբերանշանով զինուորականի լուսանկարին, ապա այդ մէկը նկարահանուած է Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի ոչ-հայկական հատուածէն ներս։ Զինուորականներու շարժը վերահսկուած է Հայաստանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներուն կողմէ, իսկ տուեալ տարածքէն ներս որեւէ թրքական բանակային ստորաբաժանման տեղակայման մասին խօսք չկայ»։

Միւս կողմէ, Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները շաբաթավերջին տեղեկացուցին նաեւ, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ հայկական զօրքերը վերջին օրերուն սկսած են կահաւորել իրենց դիրքերը եւ որոշ չափով թափ ստացած են համապատասխան շինարարական աշխատանքները։

Երկուշաբթի, Յունիս 14, 2021