ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱ ՀԵՏԱՄՈՒՏ՝ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան յայտարարեց, որ Երեւանի եւ Մոսկուայի այս շրջանի համատեղ ջանքերը ուղղուած են ռազմավարական համագործակցութեան նոր հեռանկարային ոլորտներու բացայայտման։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռուսաստանի օրուան առթիւ Երեւանի մէջ այդ երկրի դեսպանութենէն ներս կազմակերպուած ձեռնարկին մասնակցեցաւ Մհեր Գրիգորեան, որ հանդէս եկաւ շնորհաւորական խօսքով մը։
Այս առթիւ ան դիտել տուաւ, որ Հայաստան-Ռուսաստան դաշնակցային յարաբերութիւնները կ՚առանձնանան ռազմաքաղաքական ոլորտէ ներս համագործակցութեամբ։
«Այսօր մեր համատեղ ջանքերը ուղղուած են ռազմավարական համագործակցութեան նոր հեռանկարային ոլորտներ բացայայտելու։ Վստահ եմ, թէ համատեղ ջանքերով մենք պիտի կարողանանք ընդլայնել դաշնակցային յարաբերութիւնները եւ զայն հարստացնել նոր նախաձեռնութիւններով՝ ի շահ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի քաղաքացիներու, ի շահ տնտեսական եւ ընկերային յառաջընթացի, ինչպէս նաեւ աշխարհի վրայ եւ տարածաշրջանէ ներս անվտանգութեան ու կայունութեան», նշեց Մհեր Գրիգորեան շնորհաւորական իր խօսքին մէջ։