ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ երիտասարդաց տարեկան աւանդական մարզական համախմբումը, որ 56-րդն էր իր նմաններու շարքին։ Թեմը ներկայիս կը նշէ իր հիմնադրութեան 95-ամեակը եւ ընթացիկ բոլոր ծրագիրները կեանքի կը կոչուին յոբելենական տրամադրութեան մէջ։ Երիտասարդաց հաւաքը տեղի ունեցաւ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեան ներքեւ եւ տեղւոյն՝ Հայ Եկեղեցւոյ երիտասարդաց կազմակերպութեան կեդրոնական վարչութեան ջանքերով։ Թեմի հոգեւորականաց դասէն բազմաթիւ հովիւներ ալ միացան երիտասարդներուն։

Հաւաքի եզրափակիչ փուլին բոլոր երիտասարդները միասնաբար Ֆրեզնոյի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցան Ս. Պատարագի, զոր մատոյց Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան։

Երեքշաբթի, Յունիս 14, 2022