ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ՍՈՖԻԱՅԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Սոֆիա։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արարատ Միրզոյեան այս առաւօտ հիւրընկալւեցաւ Պուլկարիոյ նախագահ Ռումէն Ռատեւի կողմէ։

Սոֆիայի մէջ Արարատ Միրզոյեան բանակցութիւններ կը վարէ իր պուլկարացի պաշտօնակցին՝ Թէոտորա Կենչովսքայի հետ։ Բաց աստի, ան կը տեսակցի Պուլկարիոյ խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին հետ։

Սոֆիայի մէջ նախատեսուած է նաեւ երկու արտաքին գործոց նախարարներու համատեղ մամլոյ ասուլիսը։ 

Երեքշաբթի, Յունիս 14, 2022