ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՏՈՀԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ՔԱԹԱՐԻ ԷՄԻՐԻՆ ՀԵՏ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դէպի Տոհա պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի էմիր Շէյխ Թամիմ պին Համատ էլ Թանիի հետ։ Զրոյցի ընթացքին կողմերը ընդգծեցին երկու բարեկամ երկիրներու միջեւ համագործակցութեան մեծ ներուժը, յարաբերութիւններու ընդլայնման եւ ամրապնդման պատրաստակամութիւնը։ Փաշինեան Քաթարի էմիրը հրաւիրեց պաշտօնական այցելութիւն մը տալ Հայաստան։ Զրոյցի ընթացքին կողմերը կարեւորեցին յարաբերութիւններու զարգացումը՝ յատկապէս տնտեսութեան, տեղեկատուական թեքնոլոժիներու, գիտութեան, օդային փոխադրութիւններու, զբօսաշրջութեան եւ մշակութային ոլորտներէ ներս։
Քաթարի պետական աւագանիէն այլ դէմքերու հետ տեսակցելու առընթեր Նիկոլ Փաշինեան հարցազրոյց մըն ալ տուաւ «Էլ-Ճեզիրէ» հեռուստակայանին։ Այս առթիւ ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ամենահրատապն ու կարեւորը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցն է։ Իր խօսքով՝ 44-օրեայ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեան նպատակն էր այդ ժամանակ վերջ տալ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ բռնութեան։ «Այդ յայտարարութիւնը չ՚անդրադառնար Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին, մինչդեռ պէտք է անդրադառնալ այդ մէկուն։ Կը յուսանք, թէ յառաջիկայ ժամանակներուն պիտի կարողանանք այս հարցին եւս անդրադառնալ», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման յանձնաժողովը որեւէ կապ չունի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին հետ։ Երկու երկիրներու միջեւ հաղորդակցութեան տարբեր հարթութիւններ գոյութիւն ունին։ Անոնցմէ մէկը կը վերաբերի սահմանազատման աշխատանքներուն։
Հարցազրոյցի ընթացքին Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։ Այս առթիւ ան յոյս յայտնեց, թէ երկու երկիրներու միջեւ սահմանը կը բացուի եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ կը հաստատուին։ «Յատուկ ներկայացուցիչներու միջոցաւ սկսած ենք երկխօսութեան։ Երկխօսութիւնը արդէն ինքնին շատ դրական է, բայց կը յուսանք, թէ կ՚արձանագրենք շօշափելի արդիւնքներ», ըսաւ ան՝ յիշեցնելով, որ սահմանը արդէն երեսուն տարիէ ի վեր փակ է։
Զանգեզուրի միջանցքի վերաբերեալ Ատրպէյճանէն յաճախակիօրէն հնչած յայտարարութիւններու լոյսին տակ՝ Փաշինեան ընդգծեց, որ այդ ձեւակերպումները անընդունելի են ու կարմիր գիծ կը համարուին Երեւանի տեսակէտէ։ Ան շեշտեց, որ հրադադարի յայտարարութեան մէջ տարածաշրջանէն ներս նախատեսուած է միայն Լաչինի միջանցքը, որ Լեռնային Ղարաբաղը կը կապէ Հայաստանին։
Փաշինեան յայտնած է, որ հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեան մէջ նախատեսուած է հաղորդակցութիւններու բացուիլը։ Ան կրկնեց հայկական կողմի պատրաստակամութիւնը եւ ըսաւ. «Իրականութեան մէջ արդէն կը քննարկենք տարածաշրջանային հաղորդակցութիւնները բանալու հարցը՝ երկուստեք ինքնիշխանութեան եւ սահմաններու անքակտելիութեան նկատմամբ յարգանքի սկզբունքով»։
Հարցազրոյցի տեւողութեան ան պատասխանեց նաեւ Երեւան-Թեհրան յարաբերութիւններու վերաբերեալ հարցումի մը։ Այս առթիւ Փաշինեան նշեց, որ Իրան Հայաստանի համար բարեկամ երկիր մըն է։ Իր խօսքով, երկու երկիրներու միջեւ շատ սերտ կապեր գոյութիւն ունին։ Ան յոյս յայտնեց, թէ Իրանի հետ համագործակցութեամբ հնարաւոր կը դառնայ ընդլայնել յարաբերութիւնները նաեւ Հայաստանի եւ Քաթարի միջեւ։ «Մենք այժմ կ՚աշխատինք Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ հաղորդակցութիւնները զարգացնելու ուղղութեամբ։ Այժմ շատ ռազմավարական մայրուղիի մը կառուցման փուլի մէջ ենք։ Սա կը կոչուի Հիւսիս-հարաւ եւ կը կապէ Վրաստանի հետ մեր սահմանը Իրանի հետ սահմանին», նշեց վարչապետը։