ՄԻՇՏ ՍԱԴՐԱՆՔՆԵՐ

Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը նախընթաց օր, ուշ գիշերուան ժամերուն կրակ բացին Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզի Ճամբարակ քաղաքին վրայ։ Հրաձգային զինատեսակներով կրակ արձակուեցաւ եւ այս կապակցութեամբ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախարարութեան բանբերը նշեց. «Ներկայիս իրավիճակը հանգիստ է։ Ծանր հետեւանքներ չկան։ Կրակ արձակած են հրաձգային զինատեսակները»։

Մօտաւոր անցեալին Հայաստան Ատրպէյճանի զօրքերու կրակին ենթարկուած էր սահմանի Նախիջեւանի հատուածէն։ Հիմա ալ այդ ոտնձգութիւնները սահած են դէպի Գեղարքունիքի մարզը։ Ընդհանրապէս, Արցախ-Ատրպէյճան շփման գիծէն դուրս, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի  հրադադարի խախտումները տեղի կ՚ունենային Տաւուշի մարզին մէջ։ Հայաստանի հիւսիս-արեւելքի այս մարզի սահմանամերձ քանի մը գիւղերը կ՚ենթարկուէին յարձակման։ Ըստ երեւոյթին, վերջին շրջանին Ատրպէյճան սկսած է Հայաստանի տարածքը թիրախաւորել շատ աւելի լայն ձեւով։ Այս վերջին յարձակումը կը յաջորդէ Պրիւքսելի մէջ՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի միջեւ նախընթաց օր տեղի ունեցած հանդիպման։ Բարձր մակարդակով հանդիպումներէ առաջ կամ վերջ Ատրպէյճան միշտ կը նախընտրէ լարուածութիւն ստեղծել եւ այս անգամ ալ պարագան չէ եղած տարբեր։

Մինչ այդ, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել Երեւանի նոր ղեկավարութեան օրակարգը։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ վերջին օրերուն այցելեց Պրիւքսել, հարցազրոյց մը տուաւ Euronews հեռուստակայնին։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին ու նշեց, որ հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի միայն խա-ղաղ ճանապարհով։ «Դժբախտաբար, վարչապետ դառնալու առաջին օրերէն սկսեալ ես կը տեսնեմ, որ Ատրպէյճան կը մեծցնէ իր յարձակողականութիւնը Հայաստանի դէմ։ Այժմ մենք կը տեսնենք, որ իրավիճակը կը փոխուի, որովհետեւ այդ յարձակողական քաղաքականութիւնը միայն Հայաստանի դէմ չէ։ Ես կը կարծեմ, թէ սա դէմ է նաեւ ժողովրդավարութեան, որովհետեւ հիմա Հայաստան իսկապէս ժողովրդավարական երկիր մըն է։ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը վախնան, որ իրենց ժողովուրդը կ՚ոգեշնչուի հայկական գործընթացներէն իր երկրին մէջ եւս ժողովրդավարական փոփոխութիւններու սկսելու համար։ Շատ օգտակար կ՚ըլլայ եթէ ՆԱԹՕ պատգամ մը յղէ Ատրպէյճանին, թէ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ռազմական ճանապարհով լուծելու որեւէ փորձ միջազգային հանրութեան ուժեղ արձագանգին տեղի կու տայ», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։

Փաշինեան այս յայտարարութիւնը ըրաւ պատասխանելով այն հարցման, թէ արդեօք ՆԱԹՕ կրնա՞յ օգնել Հայաստանի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցին մէջ։ Բաց աստի, Փաշինեանին հարց տրուեցաւ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ի՞նչ ծրագրեր ու մտադրութիւններ ունի ՆԱԹՕ-ի վերաբերեալ։ Վարչապետը պատասխանեց. «Հայաստան ՆԱԹՕ-ի համար գործընկեր երկիր մըն է։ Մենք կը մասնակցինք ՆԱԹՕ-ի երկու առաքելութիւններուն, մին՝ Քոսովայի, իսկ միւսը՝ Աֆղանիստանի մէջ, ինչ որ հնարաւորութիւն կու տայ ներգրաւուելու միջազգային անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ։ Բայց մենք նաեւ անդամ ենք Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ)։ Մենք ընդհանուր առմամբ Հայաստանը կը տեսնենք այս կազմակերպութեան եւ այս անվտանգութեան համակարգին մէջ»։

Ուրիշ հարցումի մը պատասխանելով Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ Երեւան կը զարգացնէ իր յարաբերութիւնները Ռուսաստանի, նաեւ ՆԱԹՕ-ի եւ արեւմտեան երկիրներու, Եւրոմիութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ։ «Այնպէս, որ մենք չենք պատրաստուիր վերափոխել մեր արտաքին քաղաքականութիւնը», նշեց Նիկոլ Փաշինեան։

Փաշինեան Պրիւքսելի մէջ անդրադարձաւ նաեւ Զօհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամէտեարովի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման։ Ան չի կարծեր, որ սա շրջադարձային հանդիպում մըն էր։ Ըստ էութեան, սա նախարարներու միջեւ եղաւ առաջին շփում մը։ «Որեւէ պարագայի մէջ առաջին շփումներէն մեծ արդիւնքներ ակնկալել ճիշդ չէ։ Անոնք արժէքաւոր են այնքանով, որ տեղի կ՚ունենայ ծանօթութիւն։ Նոյնը կրնամ ըսել նաեւ իմ հանդիպումներու մասին։ Ի հարկէ, ծանօթութիւններու շատ լայն շրջանակ մը եղաւ եւ այս բանը կրնանք արձանագրել որպէս այցելութեան արդիւնք։ Որոշ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուեցան, հրաւէրներ եղան, Հայաստան այցելութեան պատրաստակամութիւններ արձանագրուեցան», ըսաւ Փաշինեան։

Պատասխանելով հարցումի մը՝ վարչապետը նշեց, որ այս պահուն խօսակցութիւն չկար Ատրպէյճանի նախագահի հետ հաւանական հանդիպման մը մասին։

Շաբաթ, Յուլիս 14, 2018