ՆԵՐՔԻՆ ՋՐԱՏԱՐԱԾՔ

Կասպից ծովու եզերակից երկիրներու ղեկավարները շաբաթավերջին Աքթաուի (Ղազախիստան) մէջ համախմբուեցան գագաթաժողովի մը ձեւաչափով։ «Կասպեան հնգեակ»ի միջեւ աւելի քան քսան տարիէ ի վեր բանակցութիւններ կը վարուէին՝ Կասպից ծովու կարգավիճակին շուրջ համաձայնութեան հասնելու առաջադրութեամբ։ Ի վերջոյ, այս հինգ երկիրները պայմանագիր մը ստորագրեցին Կասպից ծովու թէ՛ մակերեսի եւ թէ ստորգետնեայ հարստութիւնները բաժնելու ճանապարհին։ Սովետական Միութեան փուլ գալէն ի վեր կը շարունակէին այս տարաձայնութիւնները, որոնք այժմ արդէն հարթուած կը համարուին։ Համապատասխան փաստաթուղթը ստորագրեցին՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին, Ղազախիստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի, Թիւրքմենիստանի նախագահ Կուրպանկուլի Պերտիմուամմէտով եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։

Ըստ միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներուն, բանակցութիւնները երկար տեւեցին, որովհետեւ յիշեալ երկիրները տարաձայնութեան մէջ էին հիմնական նիւթի մը շուրջ։ Արդեօք որպէս լի՞ճ, թէ՞ որպէս ծով պէտք է համարել Կասպիցը։ Արդարեւ, եթէ որպէս ծով համարուէր՝ երկիրները իրենց ափերու երկարութեան համեմատ բաժին պիտի ստանային, իսկ եթէ որպէս լիճ համարուէր՝ ապա պիտի բաժնուէր հինգի։ Ի վերջոյ, մասնաւոր կարգավիճակ մը գտնուեցաւ։ Այսպէս, Կասպից ծովու յատակը բաժնուեցաւ ըստ լիճի իրաւունքի, իսկ ջուրերը բաժնուեցան՝ ծովու իրաւունքի նման ձեւով մը։

Աքթաուի մէջ ստորագրուած պայմանագրով՝ կողմերը համաձայնութեան հասան նաեւ Կասպից ծովու յատակով անցնիլը նախատեսուած ուժանիւթակիր խողովակաշարներու առընչութեամբ։ Սոյն հանգամանքը յատկանշական է՝ մանաւանդ, որ Թիւրքմենիստան եւ Ատրպէյճան տարիներէ ի վեր կը բանակցին «Անդրկասպեան» բնական կազի խողովակաշար մը կառուցելու շուրջ։

«Կասպեան հնգեակ»ին միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը ունի նաեւ ռազմական երեսակ մը։ Արդարեւ, բացի եզերակից երկիրներէն, այլ որեւէ երկիր զինուորական ներկայութիւն պիտի չկարենայ ունենալ այնտեղ։ Վլատիմիր Փութին ստորագրման արարողութեան ընթացքին յայտնեց, թէ կասպեան երկիրներուն միջեւ պէտք է աւելի շատ ռազմական համագործակցութիւն ըլլայ։

Կասպեան տարածքաշրջանը հարուստ է քարիւղի եւ բնական կազի հանքերով, նաեւ ձկնկիթով։ Յիշեալ հինգ երկիրները որոշած են Կասպիցը որակել «ներքին ջրատարածք»։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 14, 2018