ՇՈՒՆԸ ԿԸ ՀԱՄԲՈՒՐԷ ԴԼՓԻՆԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ֆլորիտա քաղաքին մէջ վեց տարի վերջ վերամիաւորուած դլփինն ու շունը իրենց իւրայատուկ ընկերութեամբ համացանցի աստղ դարձած են։

Ռեթրիվըր ցեղատեսակի շունը՝ Կանըր եւ Տելթա անունով դլփինը ընկերացած են, երբ շունը դեռ ութ շաբթական էր, իսկ Տելթան՝ չորս։ Տարիներ վերջ իրենց հանդիպման լուսանկարները տարածուած են համացանցի մէջ՝ հիացնելով օգտատէրերը։ Լուսանկարները, ուր Կանըր կը համբուրէ Տելթան, հազիւ քանի մը ժամուան ընթացքին հաւնուած է 1.3 միլիոն հոգիի կողմէ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2020