ՓԱՅՏԵԱՅ ՏԻԿՆԻԿՆԵՐ

Հայաստանի Կիւմրի քաղաքի զանազան հատուածներ կը զարդարուին փայտեայ տիկնիկներով։ Կիւմրեցիներն ու քաղաք այցելող հիւրերը Կիւմրիի զանազան հատուածներուն արդէն սկսած են ողջունել փայտէ տիկնիկներն ու գունեղ զարդարանքը: Այս նախաձեռնութիւնը իրականացուցած է Աննա Աթոյեան, որուն օժանդակած է Կիւմրիի քաղաքապետարանի «Քոմիւնալ ծառայութիւն» հիմնարկը։ Քաղաքը գունեղ տիկնիկներով զարդարելու գաղափարը յղացաւ, երբ քորոնաժահրի համավարակի օրերուն Աննա Աթոյեանի ստեղծած փայտեայ մարդուկներն ու կենդանիները ուշադրութիւնը գրաւեցին բնակիչներուն։ Թէեւ անոնք տեղադրուած էին ստեղծիչի բնակած թաղամասին մէջ, իսկ հիմա կը տեղադրուին քաղաքի զանազան հատուածներէն ներս։

Առաջին տիկնիկը Կիւմրիի շուկայի տարածքին մէջ այրած ծառի ճիւղերէն ստացուած կերպարն էր, որուն հետեւեցան միւսները: Առեւտրական ոլորտէ ներս կ՚աշխատի Աննա Աթոռեան, որուն նախասիրութիւնն է փայտէ կերպարներ պատրաստելը։ Ան երբեմն այնքան կը տարուի իր այս նախասիրութեամբ, որ կը մոռնայ նոյնիսկ իր աշխատանքը։

«Կերպարներու ու զարդաիրերու ձեւագծումն ու տեղի ընտրութիւնը խմբային աշխատանքի արդիւնք է։ Թէեւ վերջերս եղան մարդիկ, որոնք չսիրեցին այս տիկնիկները, ինչ որ զիս յուսախաբ ըրաւ, բայց, երբ կը տեսնեմ, որ յատկապէս երեխաները կը սիրեն այդ կերպարներն ու զարդարանքը, կ՚ուրախանամ։ Իմ ստեղծած տիկնիկները դաստիարակչական մեծ ազդեցութիւն ունին։ Երեխաները, որոնք կ՚օգնեն ինծի, ոչ միայն վնաս չեն հասցներ անոնց, այլ նաեւ կ՚արգիլեն միւս երեխաներուն, որպէսզի չաղտոտեն շրջակայքը ու կը քարոզեն սիրել գեղեցիկը», ըսած է Աննա Աթոյեան։

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2020