«ՌՈՇ ՀԱ-ՇԱՆԱ»Ի ՏՕՆԸ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Հրէից րաբունապետարան։ Նորին սրբազնութիւնը այս առթիւ րաբունապետ Ռաւ Իսաք Հալեւայի անձին մէջ շնորհաւորութիւններ յղեց հրեայ համայնքի Ամանորին՝ «Ռոշ Հա-Շանա»ի տօնին առթիւ։ Հալեւան ալ շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարքական Աթոռին ու մեր համայնքին անունով փոխանցուած շնորհաւորութիւններուն համար։

Խախամապետարանի այս հաւաքոյթին ներկայ էին Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը եւ քաղաքիս այլ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներ։  

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2018