ԴՐԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄ

Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն մասնակցեցան Իսրայէլի Տարածքաշրջանային համագործակցութեան նախարար Ցախի Հանեկպի, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի Սուրբ Տեղերը տնօրինող քրիստոնէից հոգեւոր կեդրոններու ներկայացուցիչները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս հանդիպման ներկայ գտնուեցան Երուսաղէմի յունաց պատրիարքը եւ այլ հոգեւորականներ։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը ներկայացուցին դիւանապետ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան եւ կալուածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան։

Սրբոց Յակոբեանց վանքի աղբիւրները այս կապակցութեամբ տեղեկացուցին, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ համայնքները յուզող հարցեր, մասնաւորաբար, Իսրայէլի խորհրդարանին՝ Քնեսեթի մէջ շրջանառուող եկեղեցապատկան կալուածներու վերաբերեալ օրէնքի նախագիծը եւ եկեղեցապատկան կալուածներէ հարկեր գանձելու վերաբերեալ Երուսաղէմի քաղաքապետարանի որոշումը։ Նախարար Ցախի Հանեկպի ժողովականներուն տեղեկացուց, որ այդ նախագիծը ետ կանչուած է ու պիտի չենթարկուի քննարկման։ Ամենայն հաւանականութեամբ նոր օրինագիծ մը պիտի պատրաստուի՝ եկեղեցապատկան կալուածները հարկերու ենթակայ դառնալու վտանգէ զերծ ձեւով։ Հանեկպի տուրքեր գանձելու խնդրին վերաբերեալ յայտնած է, որ կը ստեղծուի երկխօսութեան ֆորում մը՝ յիշեալ հարցերու քննարկման նպատակով։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, այս հարցին շուրջ Իսրայէլ արդէն բանակցութիւններ կը վարէ Վատիկանի հետ։ Յառաջիկայ շրջանին կը նախատեսուի համապատասխան համաձայնագրի մը ստորագրումը եւ այդ համաձայնագրի նմանութեամբ կը ստորագրուին նաեւ այլ փաստաթուղթեր Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ միւս համայնքներուն հետ։

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան ներկայացուցիչները հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ բերին նաեւ Հայաստանէն մեկնած ուխտաւորներու մուտքի արտօնութիւններու չեղարկման խնդիրը։ Ցախի Հանեկպի դրականօրէն արձագանգեց իր նկատառման յանձնուած այս խնդրին։ 

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2018