ՆԿԱՐԻՉ ԼԵՒՈՆ ՄԱՆԱՍԵՐԵԱՆ ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՃԱՄԲՈՒԻ

94 տարեկան հասակին մահացած է Խորհրդային Հայաստանի վաստակաւոր նկարիչ Լեւոն Հայրապետի Մանասերեան:

Փրոֆեսէօր Մանասերեան ծնած է 1925 թուականին, Էջմիածին:

Լեւոն Մանասերեանի գործերէն շատերը կը գտնուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ:

Լեւոն Մանասերեանի ստեղծագործութիւնները հիմնականօրէն գծագրական աշխատանքներ են: Ան հեղինակած է նաեւ գեղանկարչական, բներգական-համադրական գործեր, բնանկարներ, դիմանկարներ, նկարազարդած 200-է աւելի գիրքեր:

Լեւոն Մանասերեանի հոգեհանգստեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ, «ՍԱՆ ԼԱԶԱՐՕ» սգոյ սրահին մէջ։ Իսկ այսօր ան կը յանձնուի հողին։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2019