ԿՈՒՏԱԿՈՒԱԾ ՆԵՐՈՒԺ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան այս օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Գահիրէ, ուր շաբաթավերջին կարեւոր բանակցութիւններ վարեց Եգիպտոսի Արտաքին գործոց նախարար Սեմիհ Շիւքրիւի հետ։ Բանակցութիւններէն վերջ երկու նախարարները սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Պաշտօնական այցելութեան շրջանակներէն ներս Զօհրապ Մնացականեան տեսակցեցաւ եգիպտահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, նաեւ հիւրընկալուեցաւ Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Թաւատրոս Բ. Պատրիարքին կողմէ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մնացականեան-Շիւքրիւ հանդիպման ընթացքին գոհունակութեամբ արձանագրուեցան Հայաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ համագործակցութեան կուտակուած զգալի ներուժն ու զարգացման թափը։ Նախարարները ընդգծեցին երկկողմանի բազմաոլորտ օրակարգի հարստացման ուղղեալ քայլերու ձեռնարկելու եւ համատեղ ծրագիրներ կեանքի կոչելու անհրաժեշտութիւնը։ Որպէս հեռանկարային ուղղութիւններ, առանձնացուեցան դեղագործութեան, զբօսաշրջութեան, բարձր փորձագիտութեան եւ ստեղծագործ կրթութեան ոլորտները։ Նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին Մերձաւոր Արեւելքի, Հիւսիսային Ափրիկէի, արեւելեան Միջերկրականի եւ Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանային իրադարձութիւններուն շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ առանձնայատուկ ընդգծուեցաւ տարածքաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը եւ միջազգային համագործակցութեան դերը՝ անդրազգային սպառնալիքներու չէզոքացման, ինչպէս նաեւ հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։ Քննարկումներու ժամանակ կրօնական խումբերու պաշտպանութիւնը առանձնացուեցաւ՝ որպէս համագործակցութեան կարեւորագոյն ոլորտ միջազգային ասպարէզի մէջ։

Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Զօհրապ Մնացականեան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ Հայաստանի մօտեցումներուն։ Նոյն ծիրին մէջ Մնացականեան քննադատական յայտարարութիւններ ալ ըրաւ Թուրքիոյ դիրքորոշման շուրջ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2020