ՄԻՇՏ ՀԱՄԱՏԵՂ ՌԱԶՄԱՓՈՐՁ

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան փոխ-նախարար զօրավար Քերիմ Վելիեւ երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Անգարա։ Ան հանդիպումներ ունեցաւ Ընդհանուր սպայակոյտի փոխ-նախագահ զօրավար Սելչուք Պայրաքթարօղլուի եւ յատուկ նշանակութեամբ զօրքերու հրամանատար զօրավար Էօմէր Էրթուղրուլ Էրպաքանի հետ։

Փոխ-նախարար Քերիմ Վելիեւ միեւնոյն ժամանակ Ատրպէյճանի ընդհանուր սպայակոյտի նորանշանակ նախագահն է։ Ան Անգարայի մէջ ընդունուեցաւ նաեւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի կողմէ։ Ներկայ էր նաեւ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Եաշար Կիւլէր։ 

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, վերջին մէկ շաբթուայ ընթացքին արդէն չորս զօրավարժութիւն սկսած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զօրքերուն մասնակցութեամբ։ Այդ ռազմափորձերէն մին եռակողմանի է։ Այս ծիրին մէջ են Պաքուի մէջ սկսած Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի յատուկ նշանկութեամբ ուժերու ռազմափորձերը, որոնք անուանուած են «Երեք եղբայր-2021»։

Միւս կողմէ, Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ֆարուք Քայմաքճըի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մըն ալ այս օրերուն կ՚այցելէ Պաքու, ուր երէկ ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի կողմէ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2021