ՖՐԱՆՍԱՅԷՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Սթեֆան Վիզքոնթի շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Իր հետ էր նաեւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան Մայրցամաքային Եւրոպայի բաժանմունքի փոխ-տնօրէն Սիլվեն Կիորկէ։ Ֆրանսացի բարձրաստիճան դիւանագէտները ընդունուեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։ Փաշինեան անոնց հետ քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղիները եւ այս ամբողջին մէջ ընդգծեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան գործունէութեան կարեւորութիւնը։ Արարատ Միրզոյեանն ալ հաւաստիացուց, թէ հայկական կողմը կը սատարէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան դիրքորոշման, որպէսզի անոր հովանաւորութեան ներքեւ վերսկսի խաղաղ կարգաւորման գործընթացը։

Մինչ այդ, երէկ Երեւանի մէջ էր նաեւ Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ եւս հիւրընկալուեցաւ Փաշինեանի եւ Միրզոյեանի կողմէ։ Հանդիպումներու ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման շուրջ։ Երկուստեք ընդգծուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս բանակցութիւններու վերսկսման կարեւորութիւնը։ Կողմերը անդրադարձան նաեւ տարածքաշրջանային նշանակութեամբ այլ հարցերու, կարծիքներ փոխանակեցին փոխադրական հաղորդակցութեան ուղիներու բացման շուրջ։ 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2021