ԿՈՉԵՐ ԵՒ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի մտահոգիչ եւ արիւնալի իրադարձութիւնները կը շարունակուին։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ օրուան տեւողութեան պարբերաբար հաղորդումներ կատարեց՝ տեղեկացնելով, որ Ներքին Հանդ, Վերին Շորժա, Սոթք, Արտանիշ, Կութ, Նորաբակ, Ջերմուկ եւ այլ շրջաններ կը թիրախաւորուին Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ։ Նախարարութիւնը երեկոյեան ժամերուն հաղորդած էր, որ սահմանի վրայ իրադրութիւնը թէեւ կը մնայ լարուած, սակայն կրակի խտութիւնը զգալիօրէն թուլացած է։ Իսկ այս առաւօտ դարձեալ անհանգստացուցիչ լուրեր հաղորդուեցան նոյն նախարարութեան կողմէ։ Ժամը 08.00-ի դրութեամբ պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ատրպէյճանի ստորաբաժանումներու նախայարձակ գործողութիւնները այս առաւօտեան վերստին սաստկացած են՝ մինչ յարձակումները կը կեդրոնանան Վերին Շորժայի եւ Ջերմուկի ուղղութիւններուն վրայ։ Արդէն հաղորդումներ կան, թէ Ջերմուկի անտառներն ալ լրջօրէն վնասուած են Ատրպէյճանի բանակի յարձակումներուն հետեւանքով։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներուն մէջ թէեւ ժամ առ ժամ սահմանի իրադարձութիւնները կը լուսաբանուին, սակայն, ցարդ անպատասխան կը մնայ այն հարցումը, թէ արդեօք դիրքային փոփոխութիւններ եղա՞ծ են կամ ոչ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մասնակցութեամբ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս երէկ գումարուած նիստին ժամանակ ալ անպատասխան մնացած է այս հարցումը, որու կապակցութեամբ հրապարակաւ հետաքրքրութիւն կ՚արտայայտեն նաեւ կարգ մը երեսփոխաններ։

Մինչ միջազգային կոչերու մթնոլորտին մէջ բախումները կ՚ընթանան, դիւանագիտական որոնումներն ալ կը շարունակուին՝ առկայ մագլցումը կասեցնելու առաջադրութեամբ։ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը այսօր ժողով մը կը գումարէ սահմանի դէպքերուն շուրջ։ Խորհուրդի մշտական անդամներէն Ֆրանսայի նախաձեռնութեամբ տեղի կ՚ունենայ նիստը։ Նախօրէին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսն ալ կոչ ուղղեց, որպէսզի Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վրայ լարուածութիւնը անյապաղ մարուի։

Երեւանի նախաձեռնութեամբ ԵԱՀԿ-ի մշտական խորհուրդն ալ նիստի հրաւիրուած է ստեղծուած թէժ իրավիճակին մէջ։ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Լեհաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զպիկնիեւ Ռաու այդ ժողովին ընդառաջ երէկ կոչ ուղղեց՝ անյապաղ դադրեցնել կրակը սահմանին վրայ։ Ան յորդորեց չմսխել Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ դիւանագիտական ճանապարհով ապահովուած յառաջընթացը։

Երեւանի կողմէ կատարուած պաշտօնական դիմումին ընդառաջ՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) երէկ իսկ անդրադարձաւ ստեղծուած իրավիճակին։ Կազմակերպութիւնը տեղեկացուց, որ անընդունելի կը համարէ ուժի կիրառումը եւ աշխատանք կը տանի իրավիճակի կայունացման համար։ Զուգահեռաբար ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարները առցանց գագաթաժողով մը իրականացուցին։ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին այս փուլին դաշնակից երկիրներու ղեկավարներուն նկատառման յանձնեց Մոսկուայի կողմէ ձեռնարկուած քայլերը՝ սահմանի լարուածութեան թուլացման համար։ ՀԱՊԿ որոշեց ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի գլխաւորութեամբ կազմել աշխատանքային խումբ մը եւ այդ մէկը ուղարկել սահման։ Առցանց գագաթաժողովէն առաջ Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքովն ալ յայտնած էր, որ Փութին անհրաժեշտ բոլոր ջանքերը կը գործադրէ առկայ կացութիւնը հարթելու նպատակով։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով վերահաստատուեցաւ, թէ Մոսկուա սերտ շփման մէջ է Երեւանի եւ Պաքուի հետ եւ քայլեր կ՚առնէ սահմանի վրայ իրավիճակի կայունացումը ապահովելու համար։ Յայտարարութեան մէջ ռուսական կողմը ցաւ յայտնեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման գործընթացը առանց խախտումներու չ՚ընթանար։ Բաց աստի, նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Եւրոմիութիւնը նպատակ ունի Ռուսաստանը դուրս մղել Անդրկովկասէն եւ առանց քաշուելու կը փորձէ միջամտել Երեւան-Մոսկուա-Պաքու եռակողմանի աշխատանքին։

Սահմանի բախումներու մթնոլորտին մէջ Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Խովաեւը, որ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններուն գծով Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչն է։ Խովաեւ տեսակցեցաւ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Ան կը նախատեսէ այս ամիս Երեւան եւ Պաքու այցելել՝ շարունակելու համար աշխատանքը խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին վրայ։ «Մեզի համար սա ինքնագովազդի խնդիր մը չէ», այս կապակցութեամբ կը յայտնեն ռուսական դիւանագիտական աղբիւրները։

Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնն ալ կը շարունակէ ամենայն ուշադրութիւն ցուցաբերել սահմանի իրադարձութիւններու նկատմամբ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը կոչ ուղղեց, որպէսզի Ռուսաստան օգտագործէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի վրայ իր ազդեցութիւնը ռազմական գործողութիւններու դադրեցման համար։ Բանբեր Նէտ Փրայս շեշտեց նաեւ, որ ամերիկեան կողմը ունի զգալի ապացոյցներ, ըստ որոնց Ատրպէյճան կը յարձակի Հայաստանի վրայ եւ կը վնասէ ենթակառուցուածքներ։

ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն, որ բախումներու ծագելէն անմիջապէս վերջ հեռախօսազրոյց մը ունեցած էր Փաշինեանի հետ, երէկ կապ հաստատեց նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Բաց աստի, Հարաւային Կովկասի բանակցութիւններու գծով Պլինքընի կողմէ յատուկ ներկայացուցիչ եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ նշանակուած Ֆիլիփ Ռիքերն ալ երէկ Պաքուի մէջ տեսակցեցաւ Ալիեւի հետ։ Վերջին օրերուն ան այցելած էր նաեւ Երեւան։ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնն ալ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ալիեւի հետ՝ ի շարունակութիւն Փաշինեանի հետ դէպքերու ծագելէն անմիջապէս վերջ ունեցած խօսակցութեան։

Ստեղծուած դիւանագիտական բուռն երթեւեկին մէջ, երէկ հեռախօսազրոյցներ տեղի ունեցան նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի, նաեւ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննայի միջեւ։ Միրզոյեան հեռաձայնի վրայ զրուցեց նաեւ Եւրոմիութեան Անվտանգութեան քաղաքականութեան եւ արտաքին յարաբերութիւններու գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի հետ։ Մինչ Պրիւքսել կը շարունակէ վառ հետաքրքրութիւն ցուցաբերել ստեղծուած իրավիճակին նկատմամբ՝ Ժոզէֆ Պորել երէկ յայտնեց, որ ԵՄ կը շարունակէ ազնիւ միջնորդ ըլլալ կողմերուն միջեւ եւ կոչ կ՚ուղղէ դադրեցնել կրակը։ Իր խօսքով՝ հակամարտ կողմերը պէտք է ետ քաշուին այն սահմանները, որոնց վրայ էին այս վերջին բախումներու ծագելէն առաջ։ Ըստ Պորելի, ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել անմիջական կապի մէջ է Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ։ Մինչ այդ, Հարաւային Կովկասի հարցերով ԵՄ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար կը պատրաստուի այցելել Երեւան եւ Պաքու։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2022