ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱԼԵՔՍԷՅ ՕՎԵՐՉՈՒՔԸ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալեց Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան եւ Օվերչուք անդրադարձան Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) շրջանակներէն ներս համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերու։ Անոնք քննարկեցին նաեւ Երեւան-Մոսկուա յարաբերութիւններու օրակարգին վերաբերեալ խնդիրներ։ Հայկական կառավարական աղբիւրները այլ որեւէ մանրամասնութիւն չեն հաղորդած հանդիպման շուրջ։
Ի դէպ, Օվերչուք համանախագահն է՝ Հարաւային Կովկասի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հետամուտ Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան համատեղ յանձնաժողովին։ Երէկուան հանդիպման ընթացքին Փաշինեանին ընկերացաւ նաեւ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան, որ նոյնպէս համանախագահն է վերոյիշեալ յանձնաժողովին։ Փաշինեան-Օվերչուք զրոյցին ներկայ էր նաեւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին, որ Երեւան մեկնելէ առաջ տեսակցած էր՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւններուն մէջ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Սերտար Քըլըչի հետ։
Մինչ այդ, Ալեքսէյ Օվերչուք երէկ Երեւանի մէջ առանձին հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Մհեր Գրիգորեանի հետ։ Իր կարգին, Սերտար Քըլըչն ալ երէկ Պաքուի մէջ ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի կողմէ։
Օվերչուքի Երեւան այցելութեան ժամկէտը ուշագրաւ է՝ քանի տարածաշրջանային ապաշրջափակման խնդիրներուն շուրջ Մոսկուայի եւ Պաքուի դիրքորոշումները սկսած են առաւել չափով համընկնիլ, ինչ որ Երեւանի հետ լարուածութիւններու պատճառ կը դառնայ։ Օվերչուքի հետ հանդիպումէն անմիջապէս առաջ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։
Միւս կողմէ, «Jamestown Fondation»ը տեղեկացուց, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի Պաքու կատարած վերջին այցելութիւնը Մոսկուա-Թեհրան առանցքին վրայ լարուածութիւն յառաջացուցած է՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ի խնդրին բերումով։ Այս հարցը տարակարծութեան պատճառ դարձած է նաեւ Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն մէջ։ Իսկ այս ամերիկեան հետախուզական կազմակերպութեան վերջին հրապակման մէջ մատնանշուած է, որ Ռուսաստան կը ձգտի պահպանել իր ազդեցութիւնը տարածաշրջանէն ներս, ինչ որ պատճառ կը դառնայ, որպէսզի հարեւան Իրանն ու Հայաստանը վտանգի տակ զգան ինքզինքնին։ «Հակառակ Իրանի հետեւողական մտահոգութիւններուն, առաջին անգամ ան բացայայտօրէն քննադատութիւններ ուղղեց Ռուսաստանին», նշուած է հրապարակման մէջ։