Հայաստանի մէջ եռօրեայ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ գիտաժողով

Հա­յաս­տա­նը պի­տի հիւ­րըն­կա­լէ ար­տադ­րու­թեան, գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան եւ կրթու­թեան ո­լոր­տի 175 բարձր ո­րա­կա­ւո­րում ու­նե­ցող ա­րուես­տա­գէտ աշ­խար­հի 31 երկ­րէ:

Քսան­հինգ հան­գու­ցա­յին ե­լոյթ եւ հրա­ւիրուած զե­կոյց պի­տի ներ­կա­յա­ցուի համա­ժո­­ղո­վի լիա­գու­մար նիս­տե­րուն ըն­թաց­քին:

14-րդ «IEEE EWDTS 2016՝ Ա­րե­ւելք-Ա­րեւ­մուտք նա­խագ­ծում եւ թեստ» մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղո­վը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Հոկ­տեմ­բե­րի 14-17 թուա­կան­նե­րուն, Ե­րե­ւա­նի մէջ:

Բա­նա­խօս­ներն են ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան եւ գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան մտքի յա­ռա­ջա­տար դէմ­քեր. ինչ­պէս՝ Intel ըն­կե­րու­թեան IoT (ի­րե­րու ին­թեր­նէթ) խում­բի ա­ռաջ­նա­կարգ մաս­նա­գէ­տը, Qualcomm ըն­կե­րու­թեան ա­ռա­ջին փոխ-նա­խա­գա­հը, Synopsys ըն­կե­րու­թեան ա­ռաջ­նա­կարգ մաս­նա­գէտն ու գիտ­նա­կա­նը, IBM Research-ի տնօ­րէ­նը, հռչա­կա­ւոր հա­մալ­սա­րան­նե­րը ներ­կա­յաց­նող ա­կա­նա­ւոր փրո­ֆե­սէօր­ներն ու հե­տա­զօ­տու­թեան ա­ռաջ­նորդ­նե­րը:

Այս հան­գու­ցա­յին զե­կոյց­նե­րը կը ներ­կա­յա­ցուին հա­մա­կար­գե­րու նա­խագծ­ման ինք­նաշ­խա­տաց­ման, ամ­բող­ջա­կան քար­տէս­նե­րու փոր­ձարկ­ման, ախ­տո­րոշ­ման եւ վե­րա­նո­րոգ­ման ո­լոր­տի ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան ա­պա­գա­յի վրայ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցող յա­ռա­ջա­տար­նե­րու կող­մէ: Այս գի­տա­ժո­ղո­վը բա­ցա­ռիկ հնա­րա­ւո­րու­թիւն է լսե­լու ա­նոնց զե­կոյց­նե­րը:

East West Design & Test հա­մա­ժո­ղո­վը Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ ի­րա­կա­նա­ցած է 2007 թուա­կա­նին: Գի­տա­ժո­ղո­վին հիմ­նա­կան նպա­տակն է ե­լեկտ­րո­նա­յին ծրա­գիր­նե­րու եւ հա­մա­կար­գե­րու նա­խագծ­ման, ա­նոնց ինք­նաշ­խա­տաց­ման եւ փոր­ձարկ­ման ո­լոր­տին մէջ Ա­րե­ւել­քի (յատ­կա­պէս Սեւ ծո­վու ա­ւա­զա­նի եւ Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիոյ եր­կիր­նե­րու) եւ Ա­րեւ­մուտ­քի մաս­նա­գէտ­նե­րու եւ  հե­տա­զօ­տող­նե­րու մի­ջեւ փոր­ձի փո­խա­նա­կու­մը, նոր նա­խա­գի­ծե­րու եւ գա­ղա­փար­նե­րու քննար­կու­մը:

Այս տա­րի գի­տա­ժո­ղո­վի աշ­խա­տանք­նե­րուն պի­տի մաս­նակ­ցին նաեւ՝ ա­ռաջ­նա­կարգ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րէ եւ հա­մալ­սա­րան­նե­րէ հրա­ւի­րուած 25 բա­նա­խօս. ԱՄՆ-էն, Մեք­սի­կա­յէն, Գեր­մա­նիա­յէն, Սպա­նիա­յէն, Գա­նա­տա­յէն, Ռու­սաս­տա­նէն, Հա­յաս­տա­նէն, Ուք­րայ­նա­յէն, Ռու­մա­նիա­յէն, Ի­տա­լիա­յէն, Հնդկաս­տա­նէն, Չի­նաս­տա­նէն, Ֆրան­սա­յէն, Ի­րա­նէն եւ Լե­հաս­տա­նէն, ո­րոնք պի­տի ներ­կա­յաց­նեն ի­րենց նո­րա­գոյն նուա­ճում­ներն ու ձեռք­բե­րում­նե­րը եւ պի­տի քննար­կեն հե­տա­գայ զար­գաց­ման ուղ­ղու­թիւն­նե­րը: Ե­րե­ւա­նի մէջ նման կա­րե­ւո­րու­թեամբ գի­տա­ժո­ղո­վի ի­րա­կա­նա­ցու­մը հե­տե­ւանք է ե­լեկտ­րո­նա­յին նա­խագծ­ման եւ փոր­ձարկ­ման ո­լոր­տին մէջ հայ ճար­տա­րա­պետ­նե­րու եւ գիտ­նա­կան­նե­րու նուա­ճում­նե­րուն, ո­րուն իբ­րեւ ար­դիւնք՝ տա­րուէ տա­րի՝ կ՚ա­ւել­նան ար­տա­սահ­մա­նեան ներդ­րում­նե­րը Հա­յաս­տա­նի մէջ:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2016