ԷՐՏՈՂԱՆ-ՓՈՒԹԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Երկու երկիրներու ղեկավարները կը գտնուէին Աստանայի մէջ, ուր մասնակցեցան Ասիոյ համագործակցութեան եւ փոխադարձ վստահութեան ուղղեալ նախազգուշական միջոցներու խորհրդաժողովին։ Զրոյցի ընթացքին նախագահ Էրտողան շնորհաւորեց իր ռուս պաշտօնակցի ծննդեան 70-ամեայ յոբելեանը։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները հանդիպման ընթացքին անդրադարձած են Անգարա-Մոսկուա ծաւալուն համագործակցութեան օրակարգին վերաբերեալ զանազան նիւթերու։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձած է հացահատիկի փոխադրութիւնը։ Էրտողան նշեց, որ այս գործընթացէն ներս Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի կողմէ առնուելիք քայլերը մէկ կողմէ կրնան անհանգստութիւն պատճառել կարգ մը շրջանակներու, սակայն միւս կողմէ կրնան գոհունակութիւն պատճառել այն երկիրներուն, որոնք նուազ զարգացած են։
Աստանայի երէկուան հանդիպման զուգահեռ տեղեկացուեցաւ, որ Էրտողան եւ Փութին յառաջիկայ շրջանին վերստին կրնան տեսակցիլ Սամարղանտի մէջ։