ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻ ԱՅՍ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ

Միջ­միու­թե­նա­կան ճատ­րա­կի մրցա­շար­քը այս տա­րի պի­տի սկսի յա­ռա­ջի­կայ Եր­կու­շաբ­թի։ 19-րդ ան­գամ կը կազ­մա­կեր­պուի հան­գու­ցեալ Թա­դէոս Կիւն­թէ­րի յի­շա­տա­կին ձօ­նուած մրցա­շար­քը, ո­րուն այս տա­րի մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ տաս­ներ­կու միու­թիւն։ Կեդ­րո­նա­կան սա­նուց միու­թեան հիւ­րըն­կալ­մամբ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան հան­դի­պում­նե­րը՝ ա­մէն Եր­կու­շաբ­թի եւ Չո­րեք­շաբ­թի։

Մրցա­շար­քին կը մաս­նակ­ցին՝ Մէ­րա­մէթ­ճեան, Մխի­թա­րեան, Կեդ­րո­նա­կան, Տա­տեան, Պէզ­ճեան, Գա­րա­կէօ­զեան, Լե­ւոն-Վար­դու­հեան, Թարգ­ման­չաց, Սա­հա­կեան-Նու­նեան, Պո­մոն­թի Մխի­թա­րեան եւ Ս. Խաչ դպրե­վան­քի սա­նուց միու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ Վա­քըֆ­լը­գիւ­ղի հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թիւ­նը։

Մաս­նա­կից­նե­րը եր­կու խում­բե­րու ձե­ւա­չա­փին մէջ պի­տի սկսին մրցակ­ցու­թեան։

Յա­ջո­ղու­թիւն կը մաղ­թենք կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն եւ մաս­նա­կից­նե­րուն։ 

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2015