Ալեքսանա Ղուզէ Քարանձաւային Համալիրը

Ա­լեք­սա­նա Ղու­զէ քա­րան­ձա­ւա­յին հա­մա­լի­րէն հնա­գէտ­նե­րը 6.5 հա­զար տա­րուան վա­ղե­մու­թիւն ու­նե­ցող ա­տամ մը պե­ղած են:

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Քա­րին­տակ գիւ­ղի հա­րաւ-ա­րեւ­մուտ­քը գտնուող Ա­լեք­սա­նա Ղու­զէ քա­րան­ձա­ւա­յին հա­մա­լի­րին մէջ ի­րա­կա­նա­ցուած պե­ղում­նե­րը բա­ւա­կան ար­ժէ­քա­ւոր ար­դիւնք­նե­րու հա­սած են: Հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րը ցոյց տուած են, որ այդ քա­րան­ձա­ւի մա­կե­րե­սա­յին շեր­տե­րը 50-60 տա­րուան վա­ղե­մու­թիւն ու­նին, իսկ ա­տի­կա այն ժա­մա­նա­կաշր­ջանն է, երբ ժա­մա­նա­կա­կից մար­դը ապ­րած է նէան­տեր­թա­լեան մար­դու հետ: Ք­.Ա. ա­ռա­ջին դա­րէն մին­չեւ Ք­.Ե. ա­ռա­ջին դա­րը քա­րան­ձա­ւը հե­թա­նո­սա­կան պաշ­տա­մուն­քի վայր ե­ղած է: Ար­շա­ւա­խում­բի ղե­կա­վար, կեն­սա­բա­նա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու տոք­թոր Լե­ւոն Ե­պիս­կո­պո­սեան «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան յայն­տած է, որ քա­րան­ձա­ւի այս տա­րուան պե­ղում­նե­րու ըն­թաց­քին յայտ­նա­բե­րուած գտա­ծո­նե­րու 95-98 առ տո­կո­սը կեն­դա­նի­նե­րու մնա­ցորդ­ներ են:

«Ա­մե­նա­հե­տաքր­քիր գտա­ծոն մար­դու ազ­դրոսկ­րի մի մաս­նիկն էր, որ դեռ կը սպա­սէ խոր ու­սում­նա­սիր­ման, քա­նի որ շատ վատ պահ­պա­նուած է, բայց կը յու­սանք, որ ո­րո­շա­կի կե­նե­թի­քա­կան նիւթ կը գտնենք այդ գտա­ծո­յին մէջ», ը­սած է ան:

Ե­պիս­կո­պո­սեա­նի խօս­քով՝ 2015 թուա­կա­նի պե­ղում­նե­րու ար­դիւն­քով այդ նոյն քա­րան­ձա­ւէն հնա­գէտ­նե­րը յայտ­նա­բե­րած են մար­դու ա­տամ, որ պատ­կա­նած է է­նէո­լի­թի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին: «Հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին պար­զե­ցինք, որ ա­տա­մը 6.5 հա­զար տա­րուան վա­ղե­մու­թիւն ու­նի եւ պատ­կա­նած է մեր նախ­նի­նե­րուն: Այս գտա­ծոն ան­գամ մը եւս կը վկա­յէ ժա­ռան­գա­կան ա­նընդ­հա­տու­թեան փաս­տի մա­սին», ը­սած է ար­շա­ւա­խում­բի ղե­կա­վա­րը, ա­ւելց­նե­լով, որ Ա­լեք­սա­նա Ղու­զէն այն բա­ցա­ռիկ քա­րան­ձա­ւա­յին հա­մա­լիր­նե­րէն մին է, ուր, կա­պուած ե­ղա­նա­կա­յին բա­րեն­պաստ պայ­ման­նե­րու հետ, կեն­սա­բա­նօ­րէն բա­ւա­կան լաւ պահ­պա­նուած են գտա­ծո­նե­րը:

Ա­լեք­սա­նա Ղու­զէ քա­րան­ձա­ւին մէջ պե­ղում­նե­րը սկսած են Օ­գոս­տո­սի 1-ին եւ ա­ւար­տած՝ Օ­գոս­տո­սի 15-ին: Այն­տեղ աշ­խա­տած է հայ-լե­հա­կան ար­շա­ւա­խում­բը:

Հնա­գէտ­նե­րու խում­բը ա­պա­գա­յին պի­տի հա­մալ­րուի նոր մաս­նա­գէտ­նե­րով, որ­պէս­զի կա­տա­րուին հա­մա­պար­փակ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի տան վե­րա­կանգ­նե­լու քա­րան­ձա­ւա­յին հա­մա­լի­րի բնա­կիչ­նե­րու կեն­ցա­ղին վե­րա­բե­րող ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ, յստա­կեց­նե­լու տա­րած­քի բնա­պատ­կե­րը, եւ այլն:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2016