ԻՒՆԷՍՔՕ-Ի ՕՐԱՑՈՅՑԻՆ ՎՐԱՅ

Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի եւ ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանները ընդգրկուեցան ԻՒՆԷՍՔՕ-ի օրացոյցին վրայ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Փարիզի մէջ՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կեդրոնակայանէն ներս ներկայիս կ՚ընթանան այս կազմակերպութեան ընդհանուր ժողովի 39-րդ նստաշրջանի աշխատանքները, որոնց ծիրէն ներս ընդունուած է համապատասխան որոշումը։ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ՝ Ֆրանսայի ու Գերմանիոյ աջակցութեամբ առաջարկ ներկայացուած է Կոմիտաս Վարդապետի պարագային։ Իսկ Յովհաննէս Թումանեանի համար առաջարկը Հայաստան ներկայացուցած է՝ Վրաստանի եւ Ռուսաստանի աջակցութեամբ։

1998 թուականէն մինչեւ այսօր հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու վերաբերեալ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի օրացոյցին վրայ ընդգրկուած է Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ներկայացուած 23 յոբելենական տարեթիւ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2017