ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԳԵՂԱԹԵՐԹԻԿ

Երեւանի մէջ վերջերս շրջանառութեան մէջ դրուած են աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակին նուիրուած դրոշմաթուղթեր։ Յոբելեանի առթիւ թողարկուած նամականիշները պաշտօնապէս կնքուեցան Երեւանի քաղաքապետարանէն ներս կազմակերպուած հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։ «Աշխարհահռչակ հայեր. Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակը» նիւթին ձօնուած են այս դրոշմաթուղթերը։ Այվազովսքիի ստեղծագործութիւններէն հինգ կտաւներ ներկայացուած են այս դրոշմաթուղթերուն եւ գեղաթերթիկին վրայ։ Դրոշմաթուղթերու կնքման արարողութիւնը միեւնոյն ժամանակ բնորոշեց ֆիլաթելիստական միջազգային ցուցահանդէսի մը բացումը։ 

Նոր թողարկուած դրոշմաթուղթերը կնքեցին՝ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան, Փոխադրութեան ու կապի փոխ-նախարար Արման Խաչատրեան, «Հայփոստ» ընկերութեան կողմէ Խուան-Փապլօ Քէչէճեան եւ Հայաստանի Ֆիլաթելիստներու միութեան նախագահ Յովիկ Մուսայէլեան։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2017