ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԿԸ ՏԵՍԱԿՑԻ ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Մոսկուա։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան կը տեսակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։ Հարկ է նշել, որ երկու օր վերջ ալ միջնորդները պիտի տեսակցին Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։

Ժընեւի մէջ վերջերս տեղի ունեցած էր Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ տեսակցութիւն մը։ Այդ հանդիպման ի շարունակութիւն միջնորդները ներկայիս աշխատանք կը տանին՝ հանդիպում մը կազմակերպելու համար երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2017