ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Սոչիի մէջ հիւրընկալուեցաւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Այսպէսով երկու երկիրներու նախագահները ներկայ տարուան ընթացքին տեսակցած եղան վեցերորդ անգամ։ Էրտողան եւ Փութին Սոչիի մէջ նախ առանձնազրոյց մը ունեցան 2 ժամ 10 վայրկեան։ Աւելի վերջ ալ անոնք գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները, որոնք տեւեցին 2 ժամ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախագահները քննարկեցին տարածքաշրջանի կացութիւնն ու երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը։ Սոչիի հանդիպման ընթացքին Էրտողանի կողքին էին Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ նախագահի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն։ Փութինի կողքին էին Ռուսաստանի Փոխ-վարչապետ Արքատի Տըվորքովիչ, Քրեմլինի Արտաքին քաղաքականութեան հարցերով աւագ խորհրդական Եուրի Ուշաքով, բանբեր Տիմիթրի Փեսքով, ինչպէս նաեւ ՌՈՍԱԹՈՄ ընկերութեան նախագահ Ալեքսէյ Լիխաչեւ։ Էրտողան Սոչիի մէջ ընդգծեց, որ տարածքաշրջանային խնդիրներու ուղղեալ համագործակցութիւնը ապագայի համար կ՚ամրապնդէ վստահութիւնը։ Իր կարգին, Փութինն ալ ընդգծեց, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամբողջութեամբ վերադարձած են՝ մօտաւոր անցեալի ճգնաժամի նախորդող կացութեան։

Սոչիի մէջ երկու ղեկավարները սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Այսպէս, Էրտողան եւ Փութին համակարծիք են, թէ ստեղծուած է գետին մը՝ Սուրիայէ ներս քաղաքական լուծման վրայ կեդրոնանալու համար։

Մինչ այդ, Էրտողան Փութինը հրաւիրեց այցելել Մերսին՝ մասնակցելու համար ռուսական կողմին հետ համագործակցաբար կառուցուելիք Աքքույուի հիւլէակայանի հիմնարկէքի արարողութեան։ Այդ արարողութիւնը նախատեսուած է երկու-երեք շաբաթ վերջ։

Սոչիի շփումները աւարտելէ վերջ Էրտողան ուղղուեցաւ դէպի Քուէյթ։

ԱՇԽԱՐՀ ՏԽՄԱՐ ՉԷ

Միւս կողմէ, դէպի Սոչիի ճամբորդութեան ընթացքին Էրտողան անդրադարձաւ շաբաթավերջին Փութինի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ տեղի ունեցած տեսակցութեան։ Ամերիկացի եւ ռուս ղեկավարները համակարծիք գտնուած էին, թէ Սուրիոյ պարագային անկարելի է զինուորական լուծում։ Այս կապակցութեամբ Էրտողան յայտնեց, որ ինք կը դժուարանայ ըմբռնել այդ արտայայտութիւնները։ Նախագահը յիշեցուց, որ Թուրքիա զօրք չունի Սուրիոյ մէջ, Դամասկոսի ղեկավարութեան կողմէ զինուորական գործողութիւններու ընթացքին սպաննուած անձերու թիւը հասած է 1 միլիոնի սահմանը։ Ուրեմն, Էրտողանի խօսքերով, ԱՄՆ եւ Ռուսաստան թող դուրս բերեն իրենց զօրքերը Սուրիայէն։ «Աշխարհ տխմար չէ։ Կարգ մը բաները տարբեր կ՚ըսուին, սակայն գործադրութիւնը կ՚ըլլայ տարբեր», ըսաւ Էրտողան։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2017