Շաբաթ 11, Յունուար 2025
19 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԵՐԹ ՄԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ ելոյթով մը՝ ժողովուրդի հետ զրոյցի ձեւաչափին մէջ։ Այս առթիւ ան տեղեկացուց, որ 19 դեկտեմբերին պիտի լրանայ Արցախի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան 40-րդ օրը։ Այս առթիւ յիշատակի երթ մը տեղի պիտի ունենայ ի յարգանս նահատակներուն։ Երեւանի մէջ յիշատակի երթը պիտի սկսի Հանրապետութեան հրապարակէն եւ պիտի շարունակուի մինչեւ Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնը։
Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2020