ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԻՆ

Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի տարածքաշրջանի ընդհանուր քարտուղարը՝ Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան, վերջերս, այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Վահագն Աթաբէկեանին։ Տքթ. Ճէպէճեան շնորհաւորեց դեսպանլ Աթաբէկեանը իր նշանակումին համար։ Ան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Աստուածաշունչի ընկերութիւններու տարած աշխատանքները՝ նեռարելով նաեւ անոր միջազգային կառոյցը։ Ապա Ճէպէճեան Աթաբէկեանին նուիրեց իր հրատարակած նոր գիրքը՝ «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» եւ խօսեցաւ վերջերս Երեւանի մէջ կայացած շնորհահանդէսի մասին։

Իր կարգին, Աթաբէկեան ըսաւ, թէ ան արդէն իմացած էր Տքթ. Ճէպէճեանի աշխատանքներուն, նաեւ Աստուածաշունչի ընկերութիւններու տարած գործունէութիւններուն մասին՝ Հայաստանի մէջ։ Աթաբէկեան բարձր գնահատեց տարուած բոլոր աշխատանքները։

Այցելութեան աւարտին, Ճէպէճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Աթաբէկեանին եւ յաջողութիւն մաղթեց իրեն՝ հաստատելով շարունակել իր գործակցութիւնը եւ նեցուկը դեսպանատան տարբեր գործունէութիւններուն մէջ։

Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ դեսպանատան միջազգային յարաբերութեանց պատասխանատու եւ մշակութային կցորդ Տքթ. Վլատիմիր Պօղոսեան։

Երեքշաբթի, Յունուար 15, 2019