ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան այցելութեան զուգահեռ մասնակցութիւն կը բերէ «Ապու Տապի կայունութեան շաբաթ» ֆորումին։ Երէկ երեկոյեան Արմէն Սարգսեան մասնակցութիւն բերաւ այս ֆորումի մասնակից պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն ի պատիւ սարքուած ընդունելութեան եւ հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Աշխարհի զանազան երկիրներէն աւելի քան չորս հազար հոգի կը մասնակցի այս ֆորումին, որու ներկաներու շարքին են պետութիւններու կամ կառավարութիւններու ղեկավարներ, քաղաքական ու հասարակական գործիչներ, խոշոր ձեռնարկատէրեր։

«Ապու Տապի կայունութեան շաբաթ» ֆորումը հեղինակաւոր կլոպալ հարթակ մըն է, որու վրայ յայտնի պետական, քաղաքական, հասարակական գործիչներ, անուանի մասնագէտներ, նորարարներ, խոշոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ կը ներկայացնեն կայուն ապագայի կառուցման վերաբերեալ իրենց տեսլականը, կը քննարկեն ընկերային, տնտեսական եւ փորձագիտական այն հիմնական միտումները, որոնք կը ձեւաւորեն աշխարհի կայուն զարգացումը։ Այս տարուան ֆորումի հիմնական նիւթերէն մին թուայնացման ու նորարար փորձագիտութիւններու միաւորումն է, որու շնորհիւ կը ստեղծուին նոր հնարաւորութիւններ ու լուծումներ, որոնք կարեւոր դեր կը խաղան տնտեսական աճը, կայուն զարգացումն ու բարգաւաճումը խթանելու ուղղութեամբ։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Ապու Տապիի թագաժառանգ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու զինեալ ուժերու գլխաւոր հրամանատարի տեղակալ Շէյխ Մուհամմէտ պին Զաիտ էլ Նահեանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Պետական նախարար Սուլթան էլ Ճապէրի հետ։ Այս հանդիպումներու ընթացքին քննարկուեցան զանազան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։

Երեքշաբթի, Յունուար 15, 2019