ՆՈՐ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ ՄԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան 7-րդ գումարման Ազգային ժողովը երէկ աշխատանքի ձեռնարկեց հանդիսաւոր նիստով մը։ Դեկտեմբերի 9-ի արտահերթ ընտրութիւններով ձեւաւորուած խորհրդարանը երէկ առաւօտ գումարեց իր անդրանիկ նիստը, որու բացումին ելոյթներով հանդէս եկան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։

Նորընտիր խորհրդարանի անդրանիկ նիստին զուգահեռ՝ կը ձեւաւորուի նաեւ անոր դիւանը։ Այսպէս, Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուեցաւ Արարատ Միրզոյեան, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն ի վեր կառավարութենէն ներս առաջին փոխ-վարչապետի պաշտօն կը վարէր։ Այժմ, Արարատ Միրզոյեան գործադիր մարմնէն տեղափոխուած է օրէնսդիր։

Նոր խորհրդարանի մեծամասնութեան եւ հաւասարակշռութիւններուն հիման վրայ՝ Նիկոլ Փաշինեան վերստին կոչուեցաւ վարչապետի պաշտօնին։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ընդունեց Նիկոլ Փաշինեանը, զոր նշանակեց վարչապետ եւ անոր յանձնեց նաեւ նոր կառավարութիւնը ձեւաւորելու պաշտօնը։

Հայաստանի խորհրդարանէն ներս այսօր ալ կ՚ընտրուին փոխ-նախագահները։

Երեքշաբթի, Յունուար 15, 2019