ՎԱՂԸ՝ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան վաղը Փարիզի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս հանդիպումը կազմակերպուած է միջնորդութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն՝ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըրի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի, որոնք ներկայ պիտի գտնուին վաղուան հանդիպման։

Ինչպէս ծանօթ է, երկու նախարարները անցեալ տարեվերջին, դեկտեմբերին, հանդիպում մը ունեցած էին Միլանոյի մէջ եւ այդ ժամանակ որոշուած էր անոնց միջեւ նոր տեսակցութիւն մը կազմակերպել ներկայ տարեմուտին։ Ուրեմն, վաղուան հանդիպումը պիտի ըլլայ այդ ժամանակացոյցով նախատեսուած շփումը։

Երեքշաբթի, Յունուար 15, 2019