ՄԻՒՆԻԽԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան շա­բա­թա­վեր­ջին Միւ­նի­խի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ։ Միւ­նի­խի Մի­ջազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խորհր­դա­ժո­ղո­վին բե­րած մաս­նակ­ցու­թեան շրջագ­ծով ան մէկ­տե­ղուե­ցաւ միջ­նորդ­նե­րուն՝ Ի­կոր Փո­փո­վի (Ռու­սաս­տան), Ճէյմս Ո­ւոր­լի­քի (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Փիէռ Անտ­րէօի (Ֆրան­սա) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ան­ճէյ Կասպր­չի­կի հետ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Նալ­պան­տեան եւ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը շա­րու­նա­կե­ցին քննար­կում­նե­րը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին շուրջ։ Այս առ­թիւ Նալ­պան­տեան մաս­նա­ւո­րա­պէս ը­սաւ.

«Ար­հա­մար­հե­լով մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան հաս­ցէա­կան կո­չե­րը՝ Ատր­պէյ­ճան կը շա­րու­նա­կէ կոպ­տօ­րէն խախ­տել հրա­դա­դա­րի հաս­տատ­ման եւ ամ­րապնդ­ման ե­ռա­կող­մա­նի հա­մա­ձայ­նագ­րե­րը, հրա­ժա­րիլ հրա­դա­դա­րի խախտ­ման դէպ­քե­րու հե­տաքն­նու­թեան դրու­թեամբ ստեղ­ծու­մէն, կը փոր­ձէ տե­ղա­փո­խել հիմ­նա­հար­ցի կար­գա­ւոր­ման քննար­կում­նե­րը այլ ձե­ւա­չա­փեր, Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գա­հա­կան ձե­ւա­չա­փի քննա­դա­տու­թիւ­նը։ Այս բո­լո­րը կը վկա­յեն, որ Պա­քու ա­մէն ինչ կ՚ը­նէ՝ խա­թա­րե­լու հա­մար կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը։ Ա­ւե­լի՛ն՝ ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մի այդ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու հետ հան­դի­պու­մէն հրա­պա­կա­յին հրա­ժա­րու­մը կը նպաս­տեն կար­գա­վի­ճա­կի պահ­պան­ման. բան մը, ո­րուն մշտա­պէս դէմ հան­դէս կու գան հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րը եւ Հա­յաս­տան»։­

Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան վե­րա­հաս­տա­տեց, որ Հա­յաս­տան պի­տի շա­րու­նա­կէ ե­ռա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու հետ հա­մա­տեղ ջան­քե­րը՝ ուղ­ղուած Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման։

Միւս կող­մէ, Միւ­նի­խի մէջ Նալ­պան­տեան ու­նե­ցաւ նաեւ շարք մը երկ­կող­մա­նի հան­դի­պում­ներ։ Այս շրջագ­ծով ան տե­սակ­ցե­ցաւ ԱՄՆ-ի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Վիք­թո­րիա Նու­լան­տի հետ։ Օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը։ Անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին հրա­տապ խնդիր­նե­րու։ 

Երկուշաբթի, Փետրուար 15, 2016