ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան, որ միջազգային ժողովի մը առթիւ կը գտնուի քաղաքիս մէջ, այս առաւօտ այցելեց Պատրիարքարան։ Նախարար Թորոսեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիկոպոս Աթէշեանի կողմէ։ Արսէն Թորոսեան այս այցելութիւնը իրականացուց իրեն ընկերակից պատուիրակութեան անդամներուն հետ, որոնց միացած էին նաեւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան եւ ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան։ Նորին սրբազնութեան կողքին էին՝ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան, հոգեւոր հայրեր եւ համայնքային շրջանակներէ գործիչներ։

Ջերմ զրոյցի ընթացքին ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիկոպոս Աթէշեան ողջունեց նախարարին այցը եւ ամփոփ տեղեկութիւններ տուաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին շուրջ։ Իր կարգին, Թորոսեանն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար, տեղեկութիւններ տուաւ իր մասնակցած միջազգային ժողովին եւ Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։

Գումգաբուէն վերջ, Արսէն Թորոսեան ուղուեցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։

Ուրբաթ, Փետրուար 15, 2019